ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ ԿԸ ԲԱՆԻ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ՝ Ռուսաստանի խաղաղապահները արդէն կը տեղակայուին հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ ռուս խաղաղապահները արդէն տեղակայւած են Ստեփանակերտի մէջ։ Սա եղած է երէկ ժամը 17.00-ի դրութեամբ։ Տասն դիտակէտ տեղակայուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լաչինի միջանցքի շփման գծի երկայնքով։ Ռուս խաղաղապահները ձեռնարկած են նաեւ հրադադարի դիտարկման խնդիրներուն։ Այս իրավիճակին մէջ, Ռուսաստանէն պատուիրակութիւն մը այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Հրադադարի հաստատման զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ զգուշացումներով հանդէս եկաւ, որպէսզի հրադադարի համաձայնութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերուի։ Անգարա եւ Մոսկուա հրադադարի գործադրութեան համար համատեղ աշխատանքային խումբ մը ստեղծելու կը պատրաստուին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հրադադարը Ռուսաստանի կողմէ պիտի վերահսկուի ցամաքէն, իսկ Թուրքիոյ կողմէ օդէն անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ։ Ռուսական կողմը թէեւ հայկական կողմին շարունակ երաշխիքներ կու տայ, թէ Արցախի մէջ թուրք խաղաղապահներ պիտի չգտնուին, սակայն գործընթացի ընդհանուր տրամաբանութիւնը հարիւր տոկոսով այդպէս չէ գործնական գետնի վրայ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ թուրք զինուորները անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ պիտի հետեւին հրադադարի ընթացքին։ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս պիտի ստեղծուի դիտարկման կեդրոն մը։ Ըստ Լաւրովի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարներու կողմէ նախընթաց օր ստորագրուած յուշագիրով կողմերը համատեղ պարտականութիւն մը ստանձնած են։ Լաւրովի խօսքով՝ թրքական կողմը առանց հակամարտութեան տարածքը ոտք դնելու օդէն պիտի վերահսկէ հրադադարը։ Խաղաղարար զօրքերու առաքելութիւնը յառաջ պիտի տարուի միայն ռուսական ուժերուն կողմէ։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահութիւնը պատրաստած է որոշմնագիր մը, որով Թուրք զինեալ ուժերու տարրերու Ատրպէյճան գործուղման ենթագետինը կը պատրաստուի։ Կը նախատեսուի, որ այդ որոշմնագիրը յառաջիկայ շաբաթ հաւանութեան համար ներկայացուի Ազգային մեծ ժողովին։

Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, բոլոր կողմերը շահաւոր դուրս կու գան, եթէ պատերազմը դադրեցնելու պայմանաւորուածութիւնները իրականացուին։ Ասուլիսի ընթացքին ան նշեց, որ որեւէ թուրք խաղաղապահ պիտի չուղարկուի Լեռնային Ղարաբաղ։  Իր խօսքով՝ Մոսկուա համոզուած է, թէ Երեւան կը կատարէ եռակողմանի յայտարարութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահներու տեղակայումը հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ՝ իրավիճակի հանդարտեցման եւ փախստականներու իրաւունքներու ապահովման համար։ Ռուս նախարարը աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պիտի լուծուի՝ տարածքաշրջանի բոլոր բնակիչներու իրաւունքներու յստակեցումէն վերջ։

Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին Լաւրով ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Պատմութիւնը ոչինչ կը սորվեցնէ։ Ցաւալի է, որ այսօրուայ արդիւնքը եղաւ արեան գնով, մինչդեռ սա կրնար ըլլալ առանց արեան»։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի ուշադրութիւն ցուցաբերուի Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկատմամբ։

Ռուսական եւ արտասահմանեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը փոխելու ուղղեալ ծրագիր մը գոյութիւն չունի։ Ըստ իրեն, համանախագահներու եռեակի կազմը պիտի չընդլայնուի եւ Թուրքիան պիտի չընդգրկուի այնտեղ։ Լաւրով աւելցուց, որ եռանախագահ երկիրներէն Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները յառաջիկային Մոսկուա պիտի այցելեն՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Մոսկուա որեւէ ձեւով չի փափաքիր հեռանալ այդ հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի իր գործընկերներէն՝ Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն։ Հարկ է նշել, որ հրադադարի համաձայնութենէն վերջ Ռուսաստան տեղեկացուցած էր, որ սա եղած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ եռակողմանի բնոյթով քայլ մը եւ Ֆրանսան ու ԱՄՆ-ը չեն մասնակցած այդ աշխատանքին։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ճէյմս Ս. Կիլմորն (Գ.) ալ յայտնեց, որ Մինսքեան խմբակը պատրաստ է մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս յարատեւ խաղաղութեան հաստատման։ Ամերիկացի դիւանագէտը կ՚ակնկալէ հրադադարի համաձայնութեան մասին իմանալ աւելի մանրամասնութիւն եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ անդրադարձ կատարուի թափանցիկ խաղաղութեան ապահովման հարցին մէջ միջազգային հանրութեան եւ ԵԱՀԿ-ին վիճակած դերակատարութեան։

ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչած այս յայտարարութիւններուն առընթեր զանազան հարթութիւններով դիւանագիտական շփումներն ալ կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կապակցութեամբ։ Ան յիշեցուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ իր ունեցած բարեկամութեան մասին։ Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի՝ հակամարտ բոլոր կողմերուն տեսակէտէ ընդունելի երկարաժամկէտ ու արդար կարգաւորման հասնելուն։ Իր կարգին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանն ալ տեղեկացուց, որ Փարիզ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով նախատեսուած հանդիպումներուն։ Յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է առաջին հանդիպումը, իսկ աւելի վերջ Նիւ Եորքի մէջ ալ կը ծրագրուի յաջորդ մը՝ ՄԱԿ-է ներս։ Ֆրանսացի նախարարը յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կառոյցը ստեղծուած է հակամարտութեան կարգաւորման համար եւ կը շարունակէ աշխատիլ։ Այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ պէտք է աշխատիլ՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի, Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Սթիվըն Պիկանի հետ։ Այս զեկոյցներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան հրադադարի յայտարարութեան յաջորդած իրադրութեան շուրջ։ Մնացականեան նշեց, որ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը ուղղուած է հրադադարի հաստատման, Արցախէ ներս խաղաղապահներու տեղակայման ու չի կրնար համարուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ հանգուցալուծում։

Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը յոյս յայտնեց, թէ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը թոյլ կու տայ ջանքեր գործադրել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ եւ կանխել մարդկային նոր կորուստները։ Պորելի համոզմամբ, հաշտեցման համատեսքին մէջ կարեւոր է միջազգային մարդասիրական իրաւունքն ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։

ԵՄ-ի երկիրներէն Շուէտն ալ երէկ արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութեան։ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Ան Լինտէ յայտարարեց, որ Սթոքհոլմի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման միտուած ջանքերուն։

Միւս կողմէ, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայնն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ աջակցիլ հայ ժողովուրդին։ Գանատա կ՚ակնկալէ, որ Ատրպէյճան կը յարգէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020