ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

COP29 գագաթաժողովը, որ կ՚ընթանայ Պաքուի մէջ, կը համախմբէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարները։ Այս մեծ հաւաքին ընդառաջ, միջազգային բեմահարթակի վրայ սպասումներ ձեւաւորուած էին, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուէր COP29-ի օրերուն։ Թէեւ այդ սպասումները չարդարացան, սակայն, Երեւան-Պաքու հաշտութեան շուրջ լաւատես սպասումներու մթնոլորտը կը շարունակուի։ COP29 գագաթաժողովի մեկնարկին զուգահեռ՝ Պաքուէն յայտարարուեցաւ, որ Երեւանի հետ հաշտութեան բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յաջորդ ամիս։

Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ տեղեկացուց, որ Հայաստանի հետ դեկտեմբերին պիտի վերսկսի խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագծին քննարկումը։ «Մինչեւ նոյեմբերի վերջը Ատրպէյճանի օրակարգի հիմնական նիւթն է COP29։ Դեկտեմբերէն սկսեալ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր գործընթաց մը կը սկսի՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ», նշեց Հաճիեւ եւ աւելցուց, որ այդ փաստաթուղթի նախագիծը որոշ հարցեր կը պարունակէ, ուստի, փորձագիտական մակարդակով քննարկումներն ու բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ դեկտեմբերէն սկսեալ նոր գործընթաց մը կը սկսի։

Հաճիեւ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին հանդիպումը դրական ազդակներ ստեղծած է բանակցութիւններու շարունակման համար։ Ծանօթ է, որ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Քազանի մէջ, Ռուսաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած BRICS-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։

«Քազանի մէջ շատ արդիւնաւէտ հանդիպում մը եղած է Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի միջեւ։ Մեր մտադրութիւնն է շարունակել բանակցութիւնները՝ այդ ազդակներու վրայ», դիտել տուաւ Հաճիեւ։

COP29 գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան՝ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի ընկերակցութեամբ։ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան, եղբայրութեան եւ ռազմավարական դաշնակցութեան յարաբերութիւններով պայմանաւորուած հեռանկարներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024