ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու համայնքային վարիչներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց ԶԻՊԷՉ-ի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Արդարեւ, ԶԻՊԷՉ-ի վարչութիւնը մօտաւոր անցեալին հրաժարած է հաւաքաբար եւ այս երեւոյթը պատճառ դարձած է, որ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը լարուի անոր վրայ։ Պետրոս Շիրինօղլու այս պայմաններուն ներքեւ երէկ հարկ համարեց տալ կարգ մը բացատրութիւններ։ Ան երախտագիտութեամբ ընդգծեց հրաժարած վարչայիններուն տարած աշխատանքը եւ յիշեցուց, որ վերջին տասնվեց տարիներուն ընթացքին հոգաբարձութիւնը աւելի քան 20 միլիոն լիրա յատկացուած է այս կառոյցին համար։
Ներկայիս ԶԻՊԷՉ-ի պարագային որդեգրուած է կառավարման նոր դրութիւն մը։ Պատասխանատուութիւնը ստանձնած է հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։ Նոյնպէս հիւանդանոցի անձնակազմէն նշանակումներ կատարուած են՝ ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութեան տեւականացման համար։ Առկայ թիւրիմացութիւնները եւ շշուկները հաշուի առնելով՝ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը մտադրութիւն չունի ԶԻՊԷՉ-ը փակելու, որովհետեւ այդ մէկը կը համարէ իրեն թողուած աւանդ մը։ Ներկայիս պատասխանատուութիւնը ուղղակի ստանձնուած է հոգաբարձութեան կողմէ, ինչ որ կառավարման արդիւնաւորման բարձրացման տեսակէտէ կրնայ աւելի դրական արդիւնք տալ։