ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱԿ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու NTV-ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Անգարա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման համար նախատեսուած՝ Ազգային երկխօսութեան համաժողովին մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, Մոսկուա կը նախատեսէ այդ համաժողովին ներգրաւել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն, իսկ Անգարա ծայր աստիճան վերապահ է այս ուղղութեամբ։ Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, թրքական կողմը Փութինի վերջին այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է ցուցակ մը՝ որպէսզի այդ համագումարին բացի ՓԵՏ-ԵՓԿ-էն, մասնակցութիւն ապահովուի այլ քրդական խմբաւորումներու կողմէ։

«ԵՓԿ կը ներկայացնէ քիւրտերու շատ փոքր հատուածը։ Ինչպէս գիտէք, գոյութիւն ունին Սուրիոյ ազգային համախոհութիւնը եւ Քրդական ազգային համախոհութիւնը։ Ասոնցմէ դուրս ալ կան քրդական խմբաւորումներ։ Կան նաեւ եւրոպաբնակ քրդական խմբաւորումներ։ Հետեւաբար, երկխօսութեան համաժողովի պարագային կան բազմաթիւ խմբաւորումներ, որոնք կրնան ներկայացնել քիւրտերը։ Մենք այդ բոլորին ցուցակը յանձնեցինք Ռուսաստանին։ Ռուսական կողմն ալ շփման մէջ անցաւ անոնցմէ ոմանց հետ։ Հիմա աշխատանք կը տանինք այն նիւթին վրայ, թէ ովքեր կրնան ներկայացնել քիւրտերը։ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ կը բաժնենք այս բոլորը։ Արդէն Իրանն ալ դէմ է ԵՓԿ-ի մասնակցութեան», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Հարցազրոյցին ընթացքին նախարարը աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի՝ Սուրիայէն խոյս տուած 300 հազար քիւրտ։ Ներկայիս Սուրիոյ տարածքի 20 տոկոսին վրայ ԵՓԿ-ի իշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ է, սակայն, հակառակ այս հանգամանքին այդ քիւրտերը չեն վերադառնար։ Նախարարին կանխատեսումներով, Ռուսաստան եթէ նոյնիսկ այս հարցին շուրջ չհամոզուի, ապա յարգանք պիտի ցուցաբերէ Թուրքիոյ դիրքորոշման նկատմամբ։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու բացատրեց, որ Փութինի վերջին այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ առանցքին շուրջ քննարկուեցան առաւել չափով յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ հաւանական քայլերը, քաղաքական գործընթացը, դիտորդներու տեղակայումը, Աստանայի գործընթացը եւ այլն։ Իր խօսքերով՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի ուղղութեամբ Սուրիայէ ներս սա կամ նա ձեւով կարեւոր ճանապարհ կտրուած է։ Երկրի ղեկավարութիւնը, Իրանն ու Ռուսաստան՝ եռակողմանի դաշինքի մը ձեւաչափին մէջ կեդրոնացած են նաեւ այլ խնդիրներու վրայ։ Տարածքաշրջանէ ներս ռազմախարիսխներ ունին թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հետեւաբար, այդ երկիրներու զինուորները ետ քաշելու ուղղութեամբ տպաւորութեան մը ստեղծուիլը իրապաշտ ու ճիշդ չէ։ «Արդէն Ռուսաստան այնտեղ ունի երկու ռազմախարիսխ եւ զանազան շրջաններէ ներս տեղակայուած զօրքեր», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ մեկնաբանեց նաեւ Փութինի կողմէ տրուած հրահանգը՝ ռուսական բանակի երկիր վերադառնալուն մասին։ Նախարարը յիշեցուց, որ Ռուսաստան նախապէս ալ զինուորները ետ քաշած է Սուրիայէն, սակայն երբ բախումները վերստին սաստկացած են, ապա նախորդէն ա՛լ աւելի բարձր քանակութեամբ վերստին զօրք կուտակած է։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ ներկայիս Աֆրինի շրջանէն կան Թուրքիոյ ուղղեալ սպառնալիքներ, ուստի չի բացառուիր, որ թրքական կողմը յանկարծ իր զօրքերով մուտք գործէ այնտեղ։

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017