ԿՐԸՆՈՊԼԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԵՄԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Դեկտեմբեր 1-2 թուականներուն տարեկան պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Կրնոպլի մէջ։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ, Ս. Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ երդիքին տակ գումարուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմի հոգեւորականները՝ Փարիզէն, Լիոնէն, Մարսէյլէն, Վալանսէն, Նիսէն, Տեսինէն, Սեն թ՚Էթիէնէն եւ Ռոմանէն։

Երկօրեայ աշխատանքի առաջին օրը քննարկուեցան հոգեւոր եւ եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ հարցեր։ Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ թեմի վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներու յիշատակին։ Երկրորդ օրուան տեւողութեան գումարուեցան ընդլայնուած նիստեր՝ զանազան ծուխերու եւ թեմական անդամներու մասնակցութեամբ։

Կրընոպլի եկեղեցւոյ տիկնանց կազմն ալ սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ Թեմական պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներուն համար։

Ֆրանսայի Հայոց Թեմէն վերջերս յուսադրիչ լուրեր հասած էին Նիսի երկարամեայ հարցի լուծման հաւանականութեան մասին, սակայն աւելի վերջ չյաջորդեցին շօշափելի տուեալներ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017