ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԸ

Մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան փուլը սփիւռքի մէջ լաւ խմորուած նիւթ կը համարուէին Պոլսոյ դէպքերը։ Բնաւ զարմանալի չէր, որ սփիւռքի զանազան անկիւններէն բաւական բացասական գնահատականներ տրուէին նախկին տեղապահին, մինչեւ պատրիարք դառնալը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ հնչեցուած գնահատականներուն կամ ողջոյնի խօսքերուն վերաբերեալ։

Հիմա արդէն նոր շրջափուլ մը մտած ենք ու աւելի քան սպասելի է, որ սփիւռքի մէջ ազգային գործերով զբաղող մարդիկ, պարտականութիւն վերցուցած ազգայիններ այս կամ այն առթիւ իրենց հրացաններու փողերը դարձեալ ուղղեն դէպի Պոլիս։

Հաւանաբար, ընելիքի պակասը չէ, որ զիրենք կը մղէ այդ գործին, բայց եւ այնպէս, անոնք կ՚ուզեն հաւատալ, կ՚ուզեն ընկալել եւ մարսել այն գաղափարը, թէ Պոլիսը պէտք է յառաջատար դեր մը ունենայ մեր ժողովուրդի համայնական խնդիրներու լուծման ընդհանուր օրակարգին մէջ։ Բարդ գործ մըն է ասիկա ու միայն չի կապուիր յօդուած գրելու, ատենախօսութիւն կարդալու կամ ալ մամլոյ ասուլիս տալու հետ։

Երկար տարիներէ ի վեր հայկական Պոլիսը, որ մինչեւ վերջերս կը համարուէր թապու, այսօր նոր շրջան մը կը թեւակոխէ ու այդ առումով ալ ամենէն խրթին համարուած կէտն է, որ սփիւռքը տակաւին չի գիտակցիր, թէ ինչ բան է Պոլիս ըսուածը եւ ոչ ալ կը ճանչնայ զայն։

Պոլիսը քար նետելու տեղ մը չէ, այստեղ կայ դարաւոր համայնք մը, որուն արմատները կայմուած են մեր դարա-շըրջանէն առաջ այս ջուրերուն շուրջ կազմուած կայսրութիւններու ընթացքին եւ որուն առաքելութիւնը այսօր անգամ մը եւս իր առագաստները կը բանայ հեռուն տանող ծովային ճամբորդութեան մը առջեւ։

Պոլիսը մեծ է։

Պոլիսը այս աշխարհի խաչմերուկներուն վրայ կանգած մեծ կայմ մըն է ու անոր թեւերուն մէջ հարիւրաւոր ժողովուրդներ կը բանին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ժամացոյցի ճշգրտութեամբ իր գործը կը կատարէ։ Իսկ մեզմէ շատ շատեր՝ նոյնիսկ անոնք, որոնք այս ափերուն ծնած են, զբաղած են քար շպրտելու հին-նոր սովորութեամբ։  Ի վերջոյ քանի գրոշ պիտի արժէ այն գրողին, այն մտածողին եւ այն հրապարակագրին խօսքը, որ զուրկ է իրաւացիութենէ ու աւելի կը գրէ յանուն գրելու, իրականութեան զգացումէն զուրկ ու առանց գիտակցելու, թէ ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ իր տխմար մօտեցումը։

Այս բոլորին մէջ ահա կը բացուի նոր պատուհան մը, որուն երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէր պոլսահայութիւնը։ Այդ պատուհանը շատ ատեններ պատուած էր ցեխով, աւազով ու անոր վրայ կուտակուած կաւը թոյլ չէր տար, որ լոյսի կտոր մը ներս թափանցէ ու մեզի ալ այդ լոյսէն բաժին մը տայ։

Այդ պատուհանը նոր պատրիարքի պատուհանն է, որուն մէջէն պիտի նայինք Պոլսին։ Սա յատուկ արարողակարգ մը չէ միայն, այլեւ ընթացքներու մօտ ըլլալու, այս ժամանակներու մեծ ցնցումներուն մէջէն նաւարկելու մեծ ա-ռիթ մըն է, որովհետեւ ամէն ազգի, ամէն լեզուի, ամէն ապրումի եւ ամէն հոգեկան սպասումի դիմաց առաջին եւ վերջին գրաւականը յոյսի պատուհանն է։

Քրիստոնեաներս մեծ գրաւ կը դնենք յոյսի վրայ։ Մեր մկրտութեան օրէն սկսեալ, մինչեւ երկրային կեանքէն հեռանալու պահը՝ կը հաւատանք, կ՚ուզենք հաւատալ յոյսի ներգործութեան եւ կը բռնենք անոր մեծ առագաստներուն պարանը։ Կ՚ըսենք, թէ յոյսը մեզ ամօթով պիտի չձգէ ու հարցերը կը դիտարկենք դրական ակնոցով մը, որպէսզի մեր այսօրը աւելի տանելի դառնայ ու վաղուան սպասումներուն մէջ յոյսի կերոններ վառենք։

Հիմա այս է պատկերը։ Ունինք նոր պատրիարք մը, որ կը վայելէ արեւմտահայութեան վերջին կաթիլ մնացորդացին մեծամասնութեան նեցուկը եւ ատոր համար ալ պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այդ իրողութեան հետ։ Ի՞նչ պիտի ուզենք նոր պատրիարքէն եւ ի՞նչ ճանապարհներ ունինք անոր առաջարկելիք, ի՞նչ բառերով պիտի խօսինք անոր հետ եւ փոխարէնը՝ ի՞նչ ակնկալիքներով ականջ պիտի տանք անոր խօսքերուն։

Գիտենք, որ մեր Եկեղեցին ունի նուիրապետական չորս աթոռներ, որոնց բոլորն ալ իրենց պատմական դերով եւ առաքելութեամբ կ՚առանձնանան, սակայն Պոլսոյ պարագան տարբեր է։ Որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի, Պոլսէն դէպի աշխարհ նայող այս փոքր պատուհանը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի։

Պահանջատէ՞ր ենք, գիտե՞նք մեր ընելիքները, պատրա՞ստ ենք վաղուան զարգացումներուն եւ անոր դիմաց թուղթին վրայ գրա՞ծ ենք, շարադրա՞ծ ենք մեր գաղափարները։ Այս բոլորին համար պատասխան մը չունիմ. սակայն քաջ գիտեմ, որ իրաւունք չունինք անցեալի սխալները կրկնելու, առաւել եւս ալ Պոլսոյ նոր պատրիարքէն հրաշքներ պահանջելու կամ հայ-թրքական կնճռոտ խնդրի անիւը ցեխոտ տիղմէն դուրս բերել պահանջելու իրաւունքը չունինք։ Մենք կոչուած ենք օգնելու նոր պատրիարքին, կոչուած ենք հասկնալու իր դերը եւ բոլոր ուժերով կառչելու այս պատմական Աթոռին ու անոր դարաւոր պատուհանէն նայիլ գալիք զարգացումներուն։ Պատրա՞ստ ենք այս բանին։ Եթէ ոչ, ապա ժամանակն է, որ պատրաստ ըլլանք։ Պատրաստ ըլլանք լրջանալու եւ պատրաստ ըլլանք մեր նոր ճամբորդութեան։

Բարի լոյս տուաւ մեզի նոր պատրիարքը։ Ան բարիլոյսով բացաւ իր խօսքը եւ մենք պարտաւոր ենք ստանալ այդ բարի լոյսը եւ հաւատքով ու սիրով տարածել ամէն դի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019