ԿԸ ՓՐԿՈՒԻ՞ ԱՐՑԱԽԸ

Հայկական լրահոսէն հասած վերջին թարմացումը կը խօսի այն մասին, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ փակուած է երկկողմանիօրէն։ Ու տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ այդ ճանապարհը, որուն ծայրերուն կան Ստեփանակերտէն ու Արցախի տարբեր հատո-ւածներէն Հայաստան հասնիլ փորձող հարիւրաւոր քաղաքացիներ՝ իրենց ինքնաշարժներով։

Գետին ինկած է այն վահանանման խօսքը, թէ Երեւան պաշտօնապէս իրական հովանաւորն է Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան։ Գետին ինկած է նաեւ Ռուսաստանի ներկայութեան «ազդեցիկութիւն» կոչուածը՝ այն իմաստով, որ ռուս խաղաղապահները իրական ներուժ մը չունին վերաբանալու (ամենատարբեր միջոցներով գուցէ) այդ ճանապարհը եւ կարծէք կը գոհանան պարզապէս «թումբ» դառնալով այն ատրպէյճանցիներուն դիմաց, որոնք «բնապահպանական մտահոգութիւններ»ով եկած եւ կանգնած են Շուշիի պարիսպներուն մօտ եւ բաւական լարուած վիճակով փափաք ունին մուտք գործել Մարտակերտի եւ այլ շրջաններու հանքավայրերը։

Բարդ ատեններ են հայոց համար։

Մէկ կողմէ տարածաշրջանային մեծ պատերազմը, իսկ միւս կողմէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մտքին մէջ կուտակուած եւ երեսուն տարուան եղելութիւնները այդ անձը դարձուցած են առաւելապաշտ մօտեցումներով ղեկավար մը։ Ի՞նչ կ՚ուզէ Ատրպէյճան ի վերջոյ եւ ինչո՞ւ այս քայլերուն կը դիմէ՝ շրջելով բանակցային հանդիպումներուն օդոլորտին մէջ գոյաւորուած խաղաղութեան այն նօսր յոյսը, թէ կարծէք այս պահուն պէտք է միայն հայերուս։

Այս բոլորէն անդին ու «ապրելով» ամբողջ Արցախը իր հայ ազգաբնակչութենէն դատարկելու մեծ ահերը՝ Երեւան չունի այն գործիքները, որոնց միջոցաւ ալ հնարաւոր պիտի ըլլար առնուազն այս թէժացումը յետաձգել ու նետել այլ փուլի։

Միւս կողմէ, աւելի քան յստակ է, որ Պաքու ի տարբերութիւն հայկական կողմին՝ հիմնուած է պատերազմին իրեն տուած «յաղթանակի գինովութեան» վրայ։ Ալիեւ եւ իր վարչախումբը ունին յստակ ծրագիր մը, որու հիմքին կայ՝ «այսօր պէտք է ստանալ այն ամէն ինչը, որ վաղը պիտի դառնայ անհնար» խօսոյթը։

Ինչ կը վերաբերի Արցախի առկայ իրավիճակին եւ այնտեղի խմորումներուն, ապա կարելի է ըսել, որ գոյութիւն ունի անհասկնալի իրավիճակ մը՝ զուգակցուած բաւական անորոշ յայտարարութիւններով ու քայլերով։ Այլ խօսքով՝ մէկ կողմէ Ստեփանակերտի մէջ անցեալ նոյեմբերին տեղի ունեցած մարդաշատ հանրահաւաքը, իսկ միւս կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի Ստեփանակերտի մէջ՝ որպէս պետական նախարար յայտնուիլը կամ նոյնիսկ Արայիկ Յարութիւնեանի Ֆրանսա տուած այցելութիւնը ո՛չ մէկ խնդիր կրնան լուծել։ Գուցէ Ռուսաստանի կողմէ պատրաստուած «մասնակի խաղ»ն է, որ յառաջ կը տանին Արցախի վերնախաւի գործիչները՝ մոռնալով կամ անտեսելով այն փաստը, թէ Ռուսաստան ինքնին մատնուած է մեծ անկարողութիւններու։ Գուցէ կայ նաեւ ժամանակի գործօնը, որ, ըստ երեւոյթին, արդէն իսկ դադրած է աշխատելէ եւ այս պարագային դիմաց Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՚ընէ Հայաստանի դէմ ամիսներ առաջ ջուրի երես ելած՝ «սողացող պատերազմ»ը տեղափոխելու եւ այլ ուղղութեամբ տանելու համար։

Ատրպէյճանի համար ներկայ փուլի կարմիր գիծն է Հայաստանի սահմանները, անոնց դէմ նոր քայլեր առնելու փորձերը կամ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին համար յստակ գործողութիւններու երթալը։ Գուցէ այս պատճառներով է նաեւ, որ Ատրպէյճան իր պայքարը կը տանի դէպի Արցախ։ Ի վերջոյ Պաքու շատ լաւ գիտէ, որ այս փուլին անհնար է ռազմական մեծ գործողութիւններ կատարելը եւ անոնց փոխարէն ալ օղակը կը սեղմէ Արցախի շուրջ, փակ կը պահէ Լաչինի միակ շնչերակուղին եւ այդպիսով ալ կամաց-կամաց վախ ու ահ կը տարածէ Արցախի բնակիչներուն մէջ։

Այդ բոլորին հետեւանքը Արցախի հայաթափումը պիտի ըլլայ… Հողը լքել, տունը լքել, հայրենիքը լքել ու հեռանալ…

Ահա այդ է ուզուածը, իսկ պատասխանը Հայաստանը պիտի չտայ։ Այդ հարցումին պատասխանը Արցախի բնակիչները պիտի տան։ Անոնք պիտի կարողանա՞ն պահել այդ հողը՝ գէթ այս օրերուն, երբ սեւ ամպեր հաւաքուած են ամբողջ հայոց երկինքին վրայ՝ ուր որ ալ գտնուին անոնք։

Խնդիրը մէկ է՝ առանց խանդավառութեան, առանց կղմինտրեայ հայրենասիրութեան Արցախը պահել ու պահպանել աչքի բիբի պէս՝ մինչեւ այն օրը, որ կացութիւնը մեղմանայ եւ նոր յոյսեր երեւին հորիզոնին վրայ։

Աւարտին հարկ է նշել, որ երէկ ընթացք առած եւ Արցախը Հայաստանէն կտրած այս քայլը կրնայ նոր զարգացումներու դուռ բանալ՝ մինչեւ նոյնիսկ մարդասիրական տագնապի, սակայն մեծ պատերազմի մը հաւանականութիւնը երեւելի չէ՝ գէթ այս պահուն, երբ կայ Մոսկուա-Անգարա ամուր կապ մը, որուն բոլոր բաղադրիչները մինչեւ այս պահը կ՚ընթանան հաւասարակշռուած մօտեցումներով։

Վերադառնալով օրուան հրամայականին ու մօտենալով այս բոլորէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու միտումներուն՝ ապա այս փուլին ալ ամենակարեւորը ազգային ներքին համաձայնութեան մը վերհանումն է, ինչ որ բոլոր առումներով ալ շատ հեռու է իրականութիւն դառնալէ։

Կը փրկուի՞ Արցախը. դժուար է պատասխան մը տալ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ «հայկական փոքրիկ դրախտ»ը դեռ պիտի ապրի դժուարին պահեր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022