ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԼՈՊԱԼ ՖՈՐՈՒՄ. «ԸՆԴԴԷՄ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ»
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորագրեալ կլոպալ ֆորումը, որ հինգերորդն էր իր տեսակին մէջ։ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս ֆորումի ատենախօսներու շարքին էր։ «Միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին կը սկսի աւելի շատ խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ անոնք արդէն իսկ կայացած փաստեր կ՚ըլլան», ըսաւ նախարարը։ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս բոլորը այս հանգամանքին ականատես դարձան բառացիօրէն անցեալ տարի։ «Երբ կը թուէր, թէ աշխարհին տեսանելի են բաւարար ռիսքի գործօններ, որոնք կրնան յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու, դժբախտաբար, մենք անկարող եղանք կանխել եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներուն», աւելցուց Արարատ Միրզոյեան՝ յիշեցնելով անցեալ տարուան Արցախի հայաթափումը։ Միրզոյեան շեշտեց, որ միջազգային կառոյցներու արձագանգը հաւասարազօր չէր ռիսքի գործօններուն եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին։ Ռիսքի գործօններէն ամենաէականը՝ ատելութեան տարածումը ի վերջոյ ատելութեան խօսքէ վերացուեցաւ յանցագործութեան։
«Աշխարհի իրավիճակը եւ ցեղասպանութեան ռիսքերու վտանգաւոր միտումները պէտք է ստիպեն գտնելու մարդոց կեանքը փրկելու առաւել արդիւնաւէտ ճանապարհներ, դիւանակալական ծանր մեքենան պէտք է դառնայ աւելի զգայուն եւ ճկուն՝ ո՛չ միայն արդիւնաւէտ կերպով արձագանգ ապահովելու, այլեւ բոլորի հանդէպ հաւասար վերաբերմունք դրսեւորելու առումով», շարունակեց Արարատ Միրզոյեան։
Երեւանի ֆորումի ընթացքին նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը համատեղ ջանքերով պայքարի ցեղասպանութիւնները կանխագործելու ուղղութեամբ։
Հարկ է նշել, որ այս ֆորումին համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ ուղարկած էր պատգամ մը։ Ընդհանուր քարտուղարի պատգամին մէջ ընդգծուած էր, որ պէտք է բացառուին ատելութեան խօսքն ու ցեղասպանութեան մտադրութիւնները, գործողութիւնները։