ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի տանտիրութեամբ նախատեսուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդին հերթական նիստը։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին կը նախագահէ Նիկոլ Փաշինեան։

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուսթին եւս ներկայ կ՚ըլլայ նիստին, որուն զուգահեռ նախատեսուած են նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024