ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՑՈՒՄ

Սուրիոյ նոր իրադրութիւնը Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ համատեղ հետաքրքրութիւններու քննարկման առիթ դարձած է։ Արդարեւ, Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ պարագային կը խրախուսեն՝ հաշուետու եւ ներառական կառավարութեան մը ստեղծումն ու այդ մէկուն իշխանութեան փոխանցման համար խաղաղ անցումը։

Թուրքիա այս մթնոլորտին մէջ հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ ընդունեց ամերիկացի պետական քարտուղարը, որ ժամանեց երեկոյեան։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էին՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, նախագահութեան դիւանապետ դեսպան Հասան Տողան, հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։ Միջազգային լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած է Էնթընի Պլինքընի Թուրքիա այցելութիւնը։ Պետական քարտուղարը երկու փուլով տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է։ Ճամբորդութեան առաջին փուլին ան շփումներ ունեցաւ Յորդանանի Աքապէ քաղաքին մէջ եւ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Անգարա։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-ԱՄՆ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Սուրիոյ գլխաւորութեամբ ու տիրութեամբ՝ հաշուետու, ներառական կառավարութեան մը համար քաղաքական անցումը խրախուսելու ուղղեալ համատեղ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն կողմերը։ Էնթընի Պլինքըն ընդգծեց, որ բոլոր կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութեան հոսքը դիւրացնելը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Ամերիկեան կողմը կ՚ընդգծէ Սուրիայէ ներս բոլոր դերակատարներու մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին հնազանդիլն ու բոլոր քաղաքայիններու պաշտպանութիւնը՝ ներառեալ փոքրամասնական խմբաւորումները։

Ամերիկեան կողմի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է հետեւեալը. «Պլինքըն շեշտեց ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը) յաղթահարման համար ձեւաւորուած համախոհութեան նուրբ առաքելութեան իրականացման յարատեւութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը»։ Յամենայնդէպս, Պլինքընի մատնանշած այդ համախոհական ուժերու ողնայարը ձեւաւորած են ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, ինչ որ վաղուց Թուրքիոյ կողմէ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ։

Անգարայէն կատարուած յայտարարութեան մէջ ալ ընդգծուեցաւ, որ Էրտողան եւ Պլինքըն երկկողմանի յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւններով զարգացման առընթեր շօշափած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, համաշխարհային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը։ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Թուրքիա վաղուց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, միութեան եւ միաւորական կառոյցի պահպանման կողմնակից եղած է։ Իր խօսքով՝ միջազգային ընտանիքը միասնաբար պէտք է աշխատի, որպէսզի Սուրիոյ կառոյցները վերաձեւաւորուին։

Պլինքընի հետ զրոյցի ընթացքին Էրտողան հերթական անգամ շեշտեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ սպառնալիքի աղբիւր կը դառնան Սուրիայէ ներս գործունէութիւն ծաւալող ՓՔՔՓԵՏ-ԵՓԿ կամ ԻՇԻՊ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։ Ուստի, Թուրքիա այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք պիտի առնէ՝ սեփական ազգային անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ ՆԱԹՕ-ի անդամ այն միակ երկիրը, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ կուրծք կուրծքի պայքարած է։ Նախագահը աւելցուց, որ Թուրքիա երբեք պիտի չարտօնէ, որպէսզի ՓՔՔ-ն ու շառաւիղները դաշտի վրայ ստեղծուած կացութիւնը հնարաւորութեան վերածեն։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ Պլինքընի Անգարա այցելութեան կապակցութեամբ ընդգծեց, որ Թուրքիա բանալիի նշանակութեամբ գործընկեր մը եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից մըն է։

Մինչ վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ շփումները բաւական խտացած են, այսօր ալ Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն երկկողմանի հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024