ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻ ՊԱՐԶԵՑՈՒՄ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս յայտ­նեց, որ մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան ըն­թա­ցա­կար­գե­րու պար­զե­ցու­մով կը նա­խա­տե­սեն զար­գաց­նել զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը։ Փա­րի­զի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նպա­տակն է մին­չեւ 2020 թուա­կա­նը Ֆրան­սա այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը հասց­նել տա­րե­կան 100 մի­լիո­նի։

Ֆրան­սա­ցի նա­խա­րա­րը այս շրջագ­ծով մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ, Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Էն­տո­նե­զիոյ եւ Վիեթ­նա­մի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եր­կու օ­րուան ըն­թաց­քին պի­տի կա­րե­նան զբօ­սաշր­ջա­կան վի­զա ա­պա­հո­վել։ Չի­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ նա­խա­տե­սուած է միայն մէկ օ­րուան ըն­թա­ցա­կարգ մը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016