Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԽԱԿՆԵՐ

Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կին վրայ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քին ստեղ­ծած ցա­ւը կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած այս յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած էր 10 հո­գի, բո­լորն ալ Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ։

Այս դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ փու­թաց Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կը, ուր դէպ­քի վայ­րին մօտ թո­ղուց մե­խակ­ներ։ Իր հետ էր նաեւ Գեր­մա­նիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թո­մաս Տը Մայ­ցիէր, որ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ։ Վար­չա­պե­տին կ՚ըն­կե­րա­նա­յին նաեւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա, Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Մեհ­մէտ Մի­ւէզ­զի­նօղ­լու, Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիպ Շա­հին, Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ, Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Մուս­թա­ֆա Չա­լըշ­քան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Շուրջ 20 վայր­կեան տե­ւեց այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ­մէ վերջ Տա­վու­տօղ­լու եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը փու­թա­ցին ե­րեք գեր­ման եւ մէկ նոր­վե­կա­ցի վի­րա­ւո­րեալ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան՝ ա­նոնց դար­մա­նուած հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։

Մինչ այդ, Վար­չա­պետ Տա­վուտօղ­լու ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սուլ­թա­նահ­մէ­տի ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով եւս չորս հո­գի առ­նուած է հսկո­ղու­թեան տակ։

Միւս կող­մէ, Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներն ալ ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ ու­նե­ցան հան­դի­պում մը։ Ա­նոնք շեշ­տե­ցին, թէ այս դէպ­քը ա՛լ ա­ւե­լի մօ­տե­ցու­ցած է եր­կու եր­կիր­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016