ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» Վարժարանին 40-ամեակը

Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 40-րդ տա­րեշր­ջա­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով ու­սում­նա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան իր փայ­լուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­ռաջ­նա­կարգ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն՝ նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ ձեռք­բե­րում­նե­րու լայն հե­ռան­կար­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով:

Վար­ժա­րա­նի 40-ա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը եւ նուա­ճում­նե­րը, սկսեալ 1976-ին, Վեն Նայ­սի Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ Քա­նո­կա Փար­քի այ­սօ­րուան իր ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րը, խօ­սուն փաս­տերն են ու­սում­նա­կան բարձ­րո­րակ կրթու­թեան կող­քին՝ Սփիւռ­քի մէջ հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ա­նոր կա­տա­րած ե­րախ­տա­շատ եւ ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տան­քին:

Նա­խա­ման­կա­պար­տէ­զի գուր­գու­րոտ մթնո­լոր­տէն մին­չեւ երկ­րոր­դա­կան ու լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­ներ մուտ­քի հանգ­րուա­նը, բազ­մա­թիւ սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը դպրո­ցէն ներս կա­րե­լի դար­ձած է նուի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ տնօ­րէ­նու­թեան կող­քին՝ միու­թե­նա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու տե­սիլ­քին, ա­ռա­տա­ձեռն նուի­րա­բե­րու­մին ու ա­րի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հո­գա­բար­ձա­կան կազ­մե­րու հա­ւա­տա­ւոր եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն շնոր­հիւ:

Հե­տե­ւա­բար, Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նի 40-ա­մեա­կին զու­գա­հեռ, յո­բե­լե­նա­կան այս տա­րին կը յատ­կան­շուի նաեւ ՀԲԸՄ-ի ազ­գա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան 110-րդ տա­րե­դար­ձով եւ դպրո­ցի հո­գա­բար­ձա­կան կազ­մի ա­տե­նա­պետ ու ՀԲԸՄ-ի փոխ­նա­խա­գահ Սի­նան Սի­նա­նեա­նի ան­խոնջ, ձեռ­նե­րէց եւ դպրո­ցա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու վաս­տա­կով: Այս բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով, ինչ­պէս նաեւ առ ի գնա­հա­տանք եր­կար տա­րի­նե­րու օ­րի­նա­կե­լի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը Սի­նան Սի­նա­նեա­նը պի­տի պա­տուէ «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի»չ հե­ղի­նա­կա­ւոր շքան­շա­նով:

Վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­կը եւ Ծնո­ղաու­սուց­չա­կան մար­մի­նը բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով պի­տի նշեն վար­ժա­րա­նի փա­ռա­ւոր ու­ղին՝ հա­մայն­քէն ներս ըն­դար­ձա­կե­լով դպրո­ցի դե­րին եւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն նկատ­մամբ ծա­նօ­թաց­ման աշ­խա­տան­քը: Գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րէն գլխա­ւո­րը պի­տի հան­դի­սա­նայ Պե­վըր­լի Հիլ­զի «Հիլ­թըն» հիւ­րա­նո­ցի շքեղ սրա­հին մէջ կա­յա­նա­լիք յո­բե­լե­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ-տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Լոս Ան­ճե­լըս պի­տի ժա­մա­նեն ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ միու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի:

Հա­մո­զուած ենք, որ ՀԲԸՄ-ի Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նի 40-ա­մեա­կը, կրթա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու նոր հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բը պի­տի հան­դի­սա­նայ՝ հա­ւատ­քով եւ հաս­տա­տա­կամ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ա­նոր փայ­լուն ըն­թաց­քը դէ­պի բազ­մա­թիւ տաս­նա­մեակ­ներ:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016