ՀԻՆ ՏՈՄԱՐՈՎ ԱՄԱՆՈՐ

Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ե­րէկ Հին տո­մա­րի հա­մա­ձայն եւս նշուե­ցաւ Ա­մա­նո­րը։ Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ ա­մէն տա­րե­մու­տին տօ­նա­կան շրջա­նը եր­կա­րաձ­գուի՝ Ա­մա­նո­րի եւ հին ա­մա­նո­րի միա­ցու­մով, մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու շաբ­թուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծով մը։

Ե­րէկ ալ Հին տո­մա­րի հա­մա­ձայն Ա­մա­նո­րը խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան ո­գե­ւոր հա­մերգ մը։ Մայ­րա­քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րը, նաեւ այլ շրջան­նե­րէ փու­թա­ցած ժո­ղո­վուր­դը խան­դա­վառ պա­հեր ապ­րե­ցան Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին։ Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի յայ­տնի մե­նա­կա­տար­ներ եւ խում­բեր գոր­ծադ­րե­ցին ճոխ յայ­տա­գիր մը, ինչ որ կրկնա­պատ­կեց հին ա­մա­նո­րի հրճուան­քը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016