ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկեցին Ուքրայնոյ իրադրութիւնը եւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ «Րէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ երկու նախագահները ընդգծած են Մինսքի համաձայնութիւններու բոլոր մասնակիցներուն կողմէ անոնց կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Պարաք Օպամա նշած է, որ Տոնպասի մէջ տեղական ընտրութիւններու իրականացումը պիտի դառնայ հանգուցային քայլ մը։
Քրեմլինի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, թէ Օպամա եւ Փութին քննարկած են ռազմական գծով երկկողմանի շփումները, որոնք նպատակամղուած են Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով ջանքերու համախմբման։ Փութին կրկնած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման եւ ծայրայեղական միւս կազմակերպութիւններու դէմ պայքարելու համար լայն համախոհութեան մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։
Օպամա եւ Փութին յորդորած են նաեւ մեղմացնել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութիւնը։