ՓՐՈՖԷՍԷՕՐ ԷՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ UCLA-Ի ՓՈԽ-ՏՆՕՐԷՆ

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի մաս­նա­ճիւ­ղի (UCLA) տնօ­րէ­նու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ հա­մալ­սա­րա­նի եր­կա­րա­մեայ դա­սա­խօս­նե­րէն՝ Փրոֆ. Էն Գա­րա­կէօ­զեան, նշա­նա­կուած է Ու­սում­նա­սի­րա­կան հար­ցե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր փոխ-տ­­նօ­րէն։

Փրոֆ. Էն Գա­րա­կէօ­զեան 1982 թուա­կա­նէն ի վեր ան­դամ է հա­մալ­սա­րա­նի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի անձ­նա­կազ­մին, ինչ­պէս նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի ու­ժա­նիւ­թա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թեանց տար­րա­լու­ծա­րա­նի ղե­կա­վարն է եւ՝ հա­մալ­սա­րա­նին ու Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օ­դու­ժին միա­ցեալ մէկ ծրա­գի­րը հան­դի­սա­ցող Օ­դա­նա­ւա­յին գի­տու­թեանց հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան կեդ­րո­նի վա­րի­չը։

Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ան շարք մը այլ պաշ­տօն­ներ ստանձ­նած է, իսկ հա­մալ­սա­րա­նէն դուրս իր ստանձ­նած պաշ­տօն­նե­րու շար­քին է Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի հո­գա­բար­ձուի պաշ­տօ­նը։ Էն Գա­րա­կէօ­զեան ա­ւար­տած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի մաս­նա­ճիւ­ղի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քը ու մաս­նա­գի­տա­ցած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ ճար­տա­րա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կին մէ­ջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016