ԵՐԵՒԱՆ՝ Համեղ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐՈՎ ՔաղաքԸ

Հե­ղի­նա­կա­ւոր National Geographic ամ­սա­գի­րը հրապա­րա­կած է հա­մեղ սնունդ ու­նե­ցող, սա­կայն այդ տե­սան­կիւ­նէն քի­չե­րուն յայտ­նի քա­ղաք­նե­րուն ցան­կը, ո­րուն մէջ նե­րա­ռուած է նաեւ Ե­րե­ւա­նը:

National Geographic-ի լրագ­րող Նեն­սի Քափ­թը­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լած է քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մօտ շարք մը յայտ­նի ճա­շա­րան­ներ ու սրճա­րան­ներ, ուր համ­տե­սած է տար­բեր կե­րակ­րա­տե­սակ­ներ՝ ա­ռանձ­նա­կի ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լով ա­ւան­դա­կան տոլ­մա­յին եւ, ի հար­կէ, խո­րո­վա­ծին։ Քափ­թըն Ե­րե­ւա­նի մէջ յատ­կա­պէս սի­րած է Քաս­քա­տը՝ իր բազ­մա­թիւ հիւ­րըն­կալ սրճա­րան­նե­րով:

Յայտ­նի է, որ բա­ցի Ե­րե­ւա­նէն՝ վեց հո­րի­զո­նա­կա­նէն բաղ­կա­ցած ցան­կին մէջ նե­րա­ռուած են նաեւ Պու­տա­փեշ­տը (Հուն­գա­րիա), Տիթ­րոյ­թը (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սան­թեա­կոն (Չի­լի), Տա­քա­րը (Սե­նե­կալ) եւ Վե­լինկ­թը­նը (Նոր Զե­լան­տա):

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017