ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Տարեմուտի դրութեամբ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած Աւստրիան ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Աւստրիական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն անդրադառնալու ժամանակ, Վիեննայի մէջ, այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Սեպաստիան Քուրց խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Ան լիակատար աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն։ Քուրց խոստացաւ աջակցիլ եռանախագահներու ջանքերուն հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ան կարեւորեց նաեւ իր անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի, ինչպէս նաեւ ծրագրաւորման խումբի ղեկավար Հանս Լամբալզէրի դերակատարութիւնը։
Մինչ այդ, Սեպաստիան Քուրց կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Ան Յունուարի 18-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ երկու նախարարները պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։
Զախարովա եւս իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարեմուտի սահմանային բախումներուն, որոնց հետեւանքով մահացած ազէրի զինուորի մը դիակը տակաւին կը մնայ հայկական կողմին մօտ։ Այս հարցին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Մարիա Զախարովա ընդգծեց, որ երկու երկիրները իրենց մէջ ուժ գտնեն եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործեն՝ առկայ չափազանց բարդ իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներ գտնելու համար։ «Բոլորն ալ կը հասկնան, թէ կացութիւնը որքան բարդ է, սակայն լուծման բանալին կը գտնուի հակամարտ կողմերու ձեռքին», ըսաւ Զախարովա։