Սիրուն Երէցեան ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ» ՇքանշանՈՎ
Ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը՝ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար: Շքանշանի յանձնումը տեղի ունեցաւ արուեստագէտին հիմնադրած «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ: Այս առիթով Սիրուն Երէցեանի որդին Հայաստանի հիւպատոսութեան նուիրած է իր մօր ստեղծագործութիւններէն մէկը:
Մանրանկարչուհի Սիրուն Երէցեան ծնած է 1951 թուականին, Պէյրութ: Ան ստացած է գեղանկարչութեան մասնագիտական կրթութիւն եւ հեղինակ է երեք հատորներու: Ան հեղինակն է «Սիրուն տառեր» գործին, որ հայոց այբուբենի գեղարուեստական նկարազարդումներով ներկայացում մըն է: Ան արժանացած է նաեւ «Սիրամարգէ տիկինը» կոչումին՝ իր արուեստին մէջ յաճախ սիրամարգներ նկարելուն համար: Սիրուն Երէցեանի հայոց այբուբենի մանրանկարչական ձեւաւորումները բազմիցս ցուցադրուած են նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ՝ արժանանալով գնահատանքի: