ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի 10-րդ տարելիցին թուականը կը մօտենայ։ Յունուարի 19-ին ընդառաջ արդէն ոգեկոչման ծրագրերը սկսած են կեանքի կոչուիլ։ Երէկ երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը։ Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր «DurDe!» հակացեղապաշտական եւ հակաազգայնամոլական հարթակին եւ «Antikapitalistler»ուն կողմէ։
«Առանց Հրանդ Տինքի տասն տարի» խորագրեալ ասուլիսը վարեց Նուրհան Եիւճէ։ Ատենախօսներն էին Ֆերհատ Քենթէլ, Էօմէր Ֆարուք Կէրկէրլիօղլու եւ Թադէոս Պէպէք։
Նախաձեռնարկները այս հաւաքոյթը կազմակերպած էին՝ հաշուի առնելով մահափորձի հետաքննութեան անցած փուլերն ու ներկայ բացայայտումները։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ, որ պիտի շարունակեն հետեւիլ դատավարութեան։
Ատենախօսները սոյն մեկնակէտով պարզեցին իրենց տեսակէտները՝ առանց Հրանդ Տինքի անցած այս վերջին տասն տարիներուն մասին։ Անոնք դիտարկումներ ըրին մահափորձին, արձագանգներուն եւ հետեւանքներուն շուրջ։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս առընթեր արտասահմանի մէջ եւս նախատեսուած են ձեռնարկներ՝ Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար։