ՈՍՏՈՒՄԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուաւ բացառիկ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ թէ՛ իր նոր պաշտօնին եւ թէ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի խնդիրներուն շուրջ մեկնաբանութիւններով։

Ընդհանուր առմամբ, փորձեցինք հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս հասունցած էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակը Փարիզէն Հռոմ տեղափոխելու միտքը։ Աւանդաբար, եւրոպահայութեան առանցքը կը համարուի Ֆրանսան եւ այս տեղափոխութիւնով նո՞ր իրավիճակ մը ստեղծուած կը համարուի այս առումով։ Շուրջ 30 տարի՝ որպէս առաջնորդ Նիւ Եորքի մէջ պաշտօնավարած ըլլալու փորձառութեամբ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ի՞նչ դիտարկումներ ունի եւրոպահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Եւրոպայի տարածքին։

Նորին սրբազնութիւնը, ըստ էութեան, այս հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ մեզի հետ զրուցելու ընթացքին։ Ան յատկանշական կը համարէ, որ վերջին տարիներուն հայերու թիւը զգալիօրէն բարձրացած է Եւրոպայի մէջ։ Հակուած է պատմական համայնապատկերի մը վրայ ցոլացնել ներկայ կացութիւնը.

«Հայերը պատմականօրէն եկան Եւրոպա հաստատուիլ Անիի կործանումէն վերջ։ Հիւսիսէն Սեւ ծովու ափով եղան այդ առաջին հոսքերը։ Այդ ժամանակներէն ի վեր ալ շատ լուրջ հետքեր թողած են Եւրոպայի մէջ։ Ոմանք առաջին հերթին հաստատուած էին Արեւելեան Եւրոպա եւ Լեհաստանի երբեմնի մեծ համայնքը այս ամբողջին մէջ եղած է շատ յատկանշական։ Մինչեւ այսօր վառ հետքերը կը մնան։ 16-17-րդ դարերէն սկսեալ այս անգամ հայ վաճառականներ սկսան հաս-տատուիլ Եւրոպա։ Վենետիկէն սկսեալ, մինչեւ Ամսթերտամ եւ Մենչըսթըր՝ այս անգամ աւելի լայն աշխարհագրութիւն մը ընդգրկեցին։ Մինչ աստիճանաբար կ՚աճէին, անցեալ դարասկիզբին ուրիշ զանգուածային հոսք մը եղաւ, որովհետեւ 1915-էն վերջ վերապրածներ Եւրոպայի մէջ ապաստան գտան՝ որպէս գաղթական։ Եկանք 60-ականներու կէսերը։ 1965-է սկսեալ Թուրքիայէն գործաւորներ տեղափոխուիլ սկսան Գերմանիա եւ անոնց շարքին կարեւոր տոկոս կը կազմէին հայերը։ Նոյն շրջանին Զուիցերիոյ մէջ հաստատուածներ ալ շատ եղան։ Վրայ հասաւ Պարսկաստանի յեղափոխութիւնը, որմէ վերջ եւս հոծ թիւով հայեր գաղթեցին Ֆրանսայէ եւ Անգլիայէ սկսեալ, մինչեւ Զուիցերիա եւ Սպանիա։ Իսկ վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն Հայաստանէն եւ նախկին Սովետական Միութեան երկիրներէն բազում հայեր դարձեալ բռնեցին Եւրոպայի ճանապարհը։ Այս ընթացքին սկսան գոյանալ նոր գաղութներ։ Այսօր Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կան հայկական համայնքներ։ Եւ հայութեան այս կուտակման զուգահեռ՝ Եւրոպայի մէջ յառաջացած է կազմակերպուելու կամ վերակազմակերպուելու անյետաձգելի կարիքը»:

Վերակազմակերպման այս կարիքը, ըստ երեւոյթին, նոր շրջանի՝ ժողովրդագրական պայմաններու պարտադրած առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մէկ կողմէ կ՚ընդգծէ հարցի հրատապ բնոյթը, իսկ միւս կողմէ բաղդատութիւններ կը ներկայացնէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն հետ։ Վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ կը յայտնէ հետեւեալը.

«Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակը աւանդաբար կ՚ըլլար Փարիզի կամ Ֆրանսայի առաջնորդը։ Այնտեղ ինքնին շատ տարածուն թեմ մըն է, գրեթէ կէս միլիոն կը հաշուէ հայութիւնը եւ ինքնին գործնականօրէն դժուար էր հայրապետական պատուիրակի առաքելութեան կատարուիլը։ Երբ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ նշանակուեցայ Վատիկանի մօտ ներկայացուցիչ՝ յարաբերութիւններու առաւել խորացման համար, ստիպողութիւն յառաջացաւ, որ հաստատուիմ Հռոմ։ Վեհափառ Հայրապետը առիթէն օգտուելով փափաք յայտնեց, որ ստանձնեմ նաեւ հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը՝ մանաւանդ, որ այդ փուլին Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան հրաժարած էր պատուիրակի պաշտօնէն։ Եւ այսպէսով երկու առաքելութիւններու համատեղում մը եղաւ։ Ֆրանսան մեր եկեղեցւոյ ամենամեծ ու կարեւոր թեմերէն մին է ու կը մնայ այդպէս։ Թեմը եւ իր ծուխերը իսկապէս մեծ են։ Մեծ ու լաւ համայնք մը ունինք այնտեղ։ Կայ աւանդական հատուածը, կորիզը, որու վրայ աւելցած են նոր շերտեր, կամ ըսենք՝ խաւեր։ Հայրապետական պատուիրակի գտնուած վայրը, նստած քաղաքը կարեւոր չէ, կարեւորը այդ գործին ըլլալն է։ Այս պարագային երբեք որեւէ ձեւով չ՚ազդուիր ֆրանսահայութեան դերը, նշանակութիւնը հայ իրականութենէն ներս։ Մինչ այդ պէտք է նաեւ երախտագիտական զգացումով արժեւորել նախկին պատուիրակներու կողմէ ցայսօր կատարուած գնահատելի աշխատանքը։

«Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երկու թեմերու պարագային եկեղեցին վաղուց կազմակերպչական լաւ հիմքեր ստեղծած է։ Երբ հայերը հաստատուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, անմիջապէս կառուցուեցան եկեղեցիները, որոնց կողքին նաեւ սրահներ ու դասարաններ։ Այս կառոյցներու ձեւաւորման առընթեր, ստեղ-ծըւեցան նաեւ շատ յստակ կանոնադրութիւններ, որոնք հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու առաքելութիւնը կը ճշդէին, դերաբաժանում մը կը սահմանէին։ Այս բոլորի կիզակէտին էր հայ ինքնութեան պահպանումը։ Կանոնադրութիւնները յարմարութիւն ընձեռած են՝ գաղութի կեանքը վառ, կենսունակ պահելու տեսակէտէ։ Այո՛, Եւրոպայի պարագային ալ որոշ տեղերու մէջ կայ այդպիսի կազմակերպութիւն մը, սակայն բաւարար չէ»:

Նորին սրբազնութիւնը Եւրոպայի հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ ախտաճանաչումները կը բանաձեւէ արմատական արտայայտութիւնով մը. «Այսօր քաոսային վիճակ կը տիրէ Եւրոպայի մէջ»: Ան տակաւ կը կեդրոնանայ կանոնադրութիւններու խնդրին վրայ, որ ատեն-ատեն նաեւ վէճերու, նոյնիսկ դիմադրութիւններու առարկայ կը դառնայ։ Ահա՛ իր մօտեցումները.

«Կանոնադրութիւնները էական են եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութեան համար, որովհետեւ անոնք կ՚ապահովեն, որ ըլլայ յստակ դերաբաժանում եւ հաշուետուութիւն։ Այսօր անհրաժեշտ է կազմակերպչական մեծ աշխատանք։ Եւրոպայի մէջ կան նոր հաստատուած համայնքներ։ Այժմէն լաւ հիմքեր պէտք է դրուին՝ յառաջիկայ տասնամեակներու արդիւնաւէտութիւնը երաշխաւորելու համար։ Եւրոպական երկիրներու մէջ կան շատ մեծ թիւով հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք, սակայն, չեն գործեր ընդհանրական մօտեցումով մը։ Այդ կազմակերպութիւնները պէտք է համատեղել։ Անոնք, անշուշտ, համերաշխութեան մէջ պէտք է ըլլան։ Համատեղութեան մէջ պէտք է պահպանուի նաեւ տեսակաւորութիւնը, պէտք է պահպանուին երանգները, սակայն, ընդհանուր արդիւնաւէտութիւնը պէտք է բարձրանայ։ Աշխատանքային ուղեցոյցներ պէտք է ըլլան, ընդհանուր կանոնադրութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Կտոր-կտոր գոյատեւելու փոխարէն՝ համատեղ եւ թափանցիկ աշխատանք պէտք է տանիլ։ Թափանցիկութիւնը շատ կարեւոր է մեր հայ իրականութեան պարագային։ Հաշուետուութիւնները կենսունակութեան նախադրեալ կը համարուին։ Երբեմն կը տեսնենք մէկ հոգիի ձեռքը մնացած հաստատութիւններ։ Սա պատճառ կրնայ դառնալ քանդումի, տակաւին վտանգ կը ստեղծէ իւրացումներու։ Այլ խօսքով, կարեւորը՝ կարգ-կանոնով եւ համագործակցութեամբ աշխատիլն է։ Հոգեւորականներն ու աշխարհականները պէտք է ձեռք ձեռքի տան։ Հին դարերէ ի վեր մեր եկեղեցին երբեք կղերապետական չէ եղած։ Հոգեւորականներն ու աշխարհականները միշտ աշխատած են միասին։ Միշտ գործակցութեան մէջ եղած են։ Եղած են ճիշդ այնպէս, ինչպէս է մարդկային մարմինը, որու բոլոր մասերը թէեւ տարբեր են, սակայն իւրաքանչիւրը կարեւոր է, ունի իր դերը եւ այդ բոլորը ամբողջ մըն է։ Հիմնական նպատակը եկեղեցական կեանքը առողջ եւ աշխոյժ պահելու գործը արդիւնաւէտութեամբ յառաջ տանիլն ու յաջողութեան հասցնելն է եւ այս նպատակին իւրաքանչիւրը պէտք է բերէ իր նպաստը»:

Նորին սրբազնութիւնը եկեղեցիէն ներս մեծ աշխատանք տանելու կարիքը կ՚ընդգծէ՝ հայ կեանքը առողջ պահելու տեսակէտէ։ Այս խնդիրը ազդեցութիւն կրնայ գործել նաեւ ինքնութեան հարցերու վրայ։ Ան այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «Հայը, ո՛ւր որ ալ ապրի, տուեալ երկրի քաղաքացին պէտք է ըլլայ։ Մենք պէտք է այնպէս մը ընենք, որ հայը թէ՛ համարկի իր ապրած հասարակութեան եւ թէ չկորսնցնէ իր ինքնութիւնը։ Երրորդ կամ չորրորդ սերունդի սփիւռքահայու մը պարագային օտարութեան զգացում չի կրնար ըլլալ իր ապրած երկրին հանդէպ։ Բայց եւ այնպէս, ան պէտք է ըլլայ նաեւ հարիւր տոկոս հայ։ Ուրեմն, մենք պէտք է ստեղծենք համապատասխան ռազմավարութիւն մը։ Առկայ բոլոր ճշմարտութիւնները հաշուի առնելով պէտք է դաստիարակենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի հպարտ զգայ եւ ըլլայ ինքնավստահ։ Այլապէս, վախը մեզ կը դատապարտէ կեթթոյի միջավայրերու։ Միայն ինքնավստահ անհատը կրնայ բաց ըլլալ իր շուրջիններուն։ Մենք սփիւռքի մէջ ուրիշներու հետ կը գոյատեւենք եւ պէտք չէ մոռնանք, որ բոլորը Աստուծոյ արարչագործութեան արդիւնքն է։ Մենք մաս կը կազմենք հասարակութիւններու, ուր պէտք է զիրար հասկնալ, զիրար յարգել ու սիրել՝ առանց կորսնցնելու ինքնութիւնը»:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐ

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կարծիքը շօշափեցինք նաեւ իր նոր առաքելութեան միջեկեղեցական չափումին շուրջ։ Վատիկանի մէջ մշտական ներկայացուցիչի մը գոյութիւնը ի՞նչ հեռանկարներ կրնայ խոստանալ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու տեսակէտէ։ Այս մասին ան կ՚ըսէ.

«Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու կապերը արդի ժամանակներուն միշտ եղած են եղբայրական, յարաբերութիւնները ջերմ։ Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Վեհափառի գահակալութեան տարիներէն ի վեր ստեղծուած են շատ լաւ յարաբերութիւններ։ Կրնանք յիշել փոխադարձ այցելութիւնները եւ այլ բազում դրական երեւոյթներ։ Ո՛չ միայն երկու եկեղեցիներու հայրապետներուն կամ կեդրոններուն միջեւ, այլեւ՝ գաղութներու մէջ ալ այդպէս է։ Այսինքն յարաբերութիւնները շատ լաւ են նաեւ տեղական, հովուական եւ գործնական գետնի վրայ։

«Բաց աստի, 14 տարիէ ի վեր պաշտօնապէս աստուածաբանական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի Կաթոլիկ եւ Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ։ Յստակ օրակարգ մը ստեղծուած է եւ անոր շուրջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Յաճախ կ՚անդրադառնանք, որ մօտեցումներու միջեւ տարբերութիւնները մեծ չեն։

«Գալով ներկայացուցիչի մը նշանակման պարագային, այստեղ նպատակն է՝ պարզապէս առաւել եւս խորացնել երկու եկեղեցիներու համագործակցութիւնը, որ կը զարգանայ նոր ուղղութիւններով. օրինակ՝ ընկերային հարցեր, մարդու իրաւունքներ, եւ այլն»:

ՆԵՐԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՆ

Միջոցէ մը ի վեր, եկեղեցական շրջանակներէ լուրեր կը հասնին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման մասին։ Սրբազանին ուղղուած մեր վերջին հարցումը եղաւ այս առընչութեամբ։ Ան պատասխանեց ամփոփ, բայց յստակ. «Տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ եղած, հետեւաբար իրադարձութիւններէն առաջ անցնելով խօսիլ նպատակայարմար չ՚ըլլար։ Միայն կարելի է ըսել, որ այո՛, ճիշդ է, կը նախատեսուի Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը։ Այսինքն այդ կամքը կայ։ Բծախնդիր պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին։ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յառաջիկայ նստաշրջանի օրակարգին վրայ եւս տեղ պիտի ունենան համապատասխան աշխատանքները։ Մենք կ՚ուզենք, որ լաւ, շատ լաւ պատրաստուած ըլլանք։ Այստեղ նպատակը այժմէական հարցերու հերթական քննարկումը չէ։ Ազգային-եկեղեցական ժողովը պէտք է խոշորացոյցի տակ առնէ Հայ Եկեղեցւոյ ներկան ու ապագան եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը պէտք է լաւ երեւի»:

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019