ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ԱՂՕԹԱԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Երիտասարդի աղօթագիրք»ը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կեդրոնական գրասենեակի։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Գեղամ Սրկ. Աւետիսեան եւ Սեւակ Սրկ. Գրիգորեան։

Երիտասարդի հոգեւոր կեանքի ներդաշնակ ձեւաւորման համար ընտրուած են Հայ Եկեղեցւոյ Ժամագիրքէն եւ Եկեղեցւոյ հայրերու գրական ժառանգութենէն քաղուած աղօթքներ, որոնք կրնան կենսատու ուղեկից դառնալ, սատարել, քաջալերել եւ մխիթարել կեանքի ամենատարբեր իրավիճակներու մէջ՝ յիշեցնելով ամենազօր բարեխնամ Տիրոջ մշտական ներկայութիւնը անոր ապաւինած զաւակներու հոգիներէն ներս։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020