ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ երկրի պետական աւագանիէն դէմքերու հետ։ Քննարկումներ ծաւալուեցան համագործակցութեան զարգացման օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախորդ հանդիպումներու ժամանակ գոյացած համաձայնութիւններուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի հանդիպումներու կարեւորագոյն նիւթերու շարքին գտնուեցան միջուկային ուժանիւթի, նորագոյն փորձագիտութիւններու, սնունդի անվտանգութեան բը-նագաւառները, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը՝ գիտափորձագիտական զարգացման ուղղեալ ATOM (Advanced Tomorrow) նախաձեռնութեան շուրջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ» խորագրեալ հաւաքին։ Սա միջազգային հեղինակաւոր ֆորում մըն է, ուր ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ որպէս գլխաւոր բանախօս։ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ»ը կը կազմակերպուի 2008 թուականէն ի վեր։ Այս կլոպալ հարթակը կը միաւորէ՝ պետութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր փորձագէտներ, գիտնականներ, գործարարներ՝ աշխարհի կայուն զարգացման կլոպալ մարտահրաւէրներն ու հրատապ խնդիրները քննարկելու նպատակով։ Համաժողովի բացման մասնակցեցան շուրջ 400 պատուիրակներ՝ աշխարհի աւելի քան 175 երկիրներէ։ Այդ շարքին կը գտնուէին պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, քաղաքական կամ հասարակական գործիչներ, խոշոր ձեռնարկատէրեր։ Համաժողովի ընթացքին այս տարի մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ կլիմայական փոփոխութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, ուժանիւթի, սնունդի անվտանգութեան խնդիրներու, առողջապահութեան ոլորտի նորարարութիւններուն եւ պիօփորձագիտութիւններու կիրառութեան, արհեստական բանականութեան եւ երիտասարդութեան վերաբերեալ խնդիրներուն։

Այս հեղինակաւոր համաժողովի նախորդ բանախօսներու շարքին գտնուած են ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Հոլանտայի Վիլլեմ-Ալեքսանտր թագաւորը, Ֆրանսայի նախկին հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Շուէտի թագաժառանգ Վիքթորիա արքայադուստրը եւ այլք։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան ֆորումի օրերուն Ապու Տապիի մէջ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ՝ մասնաւորապէս Էնտոնեզիոյ նախագահ Ճոքօ Վիտոտոյի եւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պրնապիչի հետ։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020