ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Արաբական ծոցի երկիրներու Ս. Գրոց ընկերութեան տնօրէն Հրայր Ճէպէճեան այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան եկած է մասնակցելու Ս. Գրոց ընկերութեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մասնաճիւղերու տնօրէններու տարեկան համատեղ ժողովին։ Արդարեւ, հաշուի առնելով այս երկու տարածքաշրջաններու ընդլեզուած բնոյթը՝ ամէն տարի նման ձեւաչափով ժողով մը տեղի կ՚ունենայ։ Օսմանպէյի «Ռամատա փլազա» պանդոկի համալիրէն ներս նախատեսուած են քննարկումները։ Նստաշրջանին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ս. Գրոց ընկերութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ վերջին օրերուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հրայր Ճէպէճեանը, որ մեզի բացատրութիւններ տուաւ ներկայ նստաշրջանին շուրջ։ Այս օրերուն, միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի Ս. Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 200-ամեակը եւ նախատեսուած է յոբելենական ձեռնարկ մը այս առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն քաղաքիս եկեղեցիներու պետերը։
Շուրջ 55 հոգի կը մասնակցի Ս. Գրոց ընկերութեան ներկայ նստաշրջանին։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը թէեւ նստաշրջանի քննարկումներուն մասնակցելիք ներկայացուցիչ մը չունի, սակայն յոբելեանի առթիւ նախատեսուած մշակութային ձեռնարկին հրաւիրուած են՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ այլ հոգեւոր առաջնորդներ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ս. Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ մեր համայնքէն Թամար Քարասու։
Ս. Գրոց ընկերութեան հաւաքներուն ժամանակ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին համաքրիստոնէական ընտանիքի մարտահրաւէրները։ Արդարեւ, համաշխարհայնացման դարուն, մարդկային հաւաքականութեան ներմուծուած արժեհամակարգի պայմաններուն ներքեւ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ Ս. Գիրքին եւ անկէ բխած բարոյական համակարգին համար տեղ մը բանալ մարդկութեան այժմու ընթացքին մէջ։
Հրայր Ճէպէճեան Իսթանպուլ այցելութեան առիթէն օգտուելով երէկ այցելեց Կեդրոնական վարժարան։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ։ Իսկ այս առաւօտ, ան այցելեց նաեւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոց։