ՕՐՀՆԵԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՈՒՂԵՒՈՐ՝ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՑՈՒՊՆ Ի ՁԵՌԻՆ

Պատրիարքական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան փառաշուք արարողութեան եւ անդրանիկ մեծահանդէս Ս. Պատարագի արձագանգները կը շարունակուին համայնքային կեանքէն ներս։ Հաւատացեալ ժողովուրդը բարի տրամադրութիւններով եւ աղօթակից սրտով հոգեւոր հրճուանք կ՚ապրի՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս սկսած նոր շրջանին բերումով։ Թրքահայութիւնը Պատրիարքական Աթոռին վրայ կ՚ողջունէ իր նոր հոգեւոր պետը՝ որպէս օրհնեալ ու լուսաւոր ճանապարհի ուղեւոր, որ իր առաքելութեան կը ձեռնարկէ հովուական ցուպն ի ձեռին։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020