ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը վերջերս արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ հնչեցուած ահազանգին։ Զօրակցելու համար թերթիս՝ «Ասպարէզ» ծաւալուն հարցազրոյց մը հրապարակեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Նանէ Աւագեանի կողմէ կատարուեցաւ այս տեսակցութիւնը, անշուշտ, հեռավար դրութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արա Գօչունեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած լուրջ տագնապին վերաբերեալ հերթական յայտարարութիւնները, զօրակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով Նանէ Աւագեանին, ինչպէս նաեւ «Ասպարէզ»ի գլխաւոր խմբագիր Արա Խաչատուրեանին։ Հարկ է նշել, որ այս հարցազրոյցին առընթեր «Ասպարէզ» արտատպած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբեր 2021-ի խմբագրականը, որով հնչեցուած էր ահազանգը։
*
«ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին»: Նման վերնագիր ունէր Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական ամենահին օրաթերթի այս տարուայ տարեդարձին առթիւ հրապարակուած խմբագրականը: Թերթը կ՚ահազանգէր, որ փակման վտանգի առջեւ է: Կարեւորելով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դերն ու նշանակութիւնը պոլսահայ համայնքի եւ համահայկական լրատուադաշտէն ներս՝ «Ասպարէզ» կը յայտնէ իր աջակցութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ հարցազրոյցով կը ներկայացնէ այս լրատուամիջոցին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնց յաղթահարումը հնարաւոր է համահայկական ջանքերով:
-Պարոն Գօչունեան, դար մը առաջ ձեր նախահայրը հիմնադրած է Թուրքիոյ մէջ հայկական առաջին թերթը, որուն աշխատակցած են ժամանակի յայտնի մտաւորականներ ու լրագրողներ: ԺԱՄԱՆԱԿ անցած է պատմութեան տարբեր քարուղիներով, յաղթահարած բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Կը խնդրէի պատմական ամփոփ ակնարկով ներկայացնէիք թերթը՝ հիմնադրումն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դերը պոլսահայ կեանքէն ներս:
-ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ այսօր ճգնաժամ կ՚ապրի, հայաշխարհի ամենահին օրաթերթն է, որ հիմնադրուած է 1908 թուականին եւ անխափան լոյս կը տեսնէ մինչեւ այսօր, երբ կը նշենք գործունէութեան 114-րդ տարին:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ստեղծուած է արեւմտահայութեան մշակութային պատմական օրրանին՝ Պոլսոյ մէջ եւ հայկական Պոլիսի զարկերակի կենսունակութեան հիմնական խորհրդանշաններէն է: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժառանգութիւնը ազգային նշանակութիւն ունի եւ թէ՛ հայկական սփիւռքի, թէ՛ հայաշխարհի տեսակէտէ ներշնչանքի շատ կարեւոր գործօն մըն է:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութիւնը, ըստ էութեան, կարելի է դիտարկել երեք գլխաւոր առանցքներու շուրջ: Առաջինը՝ թերթի հիմնադրումէն մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանն է: Այդ շրջանին, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքէն ներս հայոց ներկայութիւնը ունէր բոլորովին այլ նշանակութիւն: Հայկական օրաթերթի հրապարակումը պատմական Պոլսոյ մէջ չէր նշանակեր փոքրամասնական մամուլ, այլ՝ երկրի ընդհանուր հանրային կարծիքի, հասարակական մտքի ձեւաւորման համար կատարուած ներդրում էր, քանի որ հայերը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական, կրօնական, բոլոր ոլորտներէ ներս ստուար ներկայութիւն ունէին եւ գլխաւոր դերակատարներ էին: Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1915 թուականը, երբ Ցեղասպանութեան զոհ գացին հայ առանցքային մտաւորականները՝ արեւմտահայ այդ շրջանի մշակութային կարկառուն դէմքերու մեծամասնութիւնը, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակիցներն էին նաեւ: 2015 թուականին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շրջանին, մենք հրատարակած ենք գիրքեր, որոնք Եղեռնին զոհ գացած մեր մտաւորականներու՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թղթակցային նիւթերու վրայ հիմնուած են:
-Ի՞նչ ընթացք ունեցաւ թերթը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն յետոյ:
-ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան երկրորդ առանցքը կը ներառէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն յետոյ այն շրջանը, երբ ինչպէս միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու, այնպէս ալ հայերու պարագային, մեր համայնքի գոյութիւնը, իրաւունքները, գործունէութիւնը սկսաւ մեկնաբանուիլ առաւելապէս Լոզանի դաշնագրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ յօդուածներու տրամադրութիւններու հիման վրայ: Այս իրավիճակին մէջ, թերթը աստիճանաբար վերածուեցաւ փոքրամասնութեան լրատուամիջոցի եւ այսպէս շարունակուեցաւ քանի մը տասնամեակ:
Սա նաեւ այն ժամանակաշրջանն էր, երբ սփիւռքի հայկական մամուլը կը ձեւաւորուէր եւ ԺԱՄԱՆԱԿ իր անուղղակի նպաստը բերաւ այդ գործընթացին, որովհետեւ սփիւռքի լրատուամիջոցները կը գլխաւորէին խմբագիրներ, մտաւորականներ, որոնք Պոլիսէն հեռանալէ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի շուրջ համախմբուած, թերթին մէջ աշխատած անձեր եղած էին:
Թուրքիա մնացած հայերը, որոնք հիմնականին մէջ հաստատուած էին Իսթանպուլի մէջ, Հանրապետութեան շրջանին կը դիմագրաւէին յաւելեալ ցնցումներ, խնդիրներ կը յառաջանային, եւ այս պատճառով հայերու թիւը կը նօսրանար նաեւ Պոլսոյ մէջ: Աստիճանաբար կը սպառուէր թերթի հետեւողներու քանակը եւ կը սահմանափակուէր գովազդներ ներգրաւելու հնարաւորութիւնը: Մինչեւ 1970-ականներու կէսը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը լոյս կը տեսնէր Թուրքիոյ յառաջատար թերթերու ձեւաչափով ու արհեստագիտութիւններով: Սակայն թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները աստիճանաբար անցան մեծ ընկերութիւններու հովանաւորութեան ներքեւ, լոյս կը տեսնէին գունաւոր, մինչեւ յիսուն էջով եւ մեր թերթը անհամեմատելի կը դառնար: Սա յաւելեալ հոգեբանական ազդակ մըն էր հայ մարդուն համար, երբ կը տեսնէր նման տարբերութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, այն շրջանն էր, երբ հայկական վարժարաններու ցանցը բաւական տկարացած էր՝ մայրենի լեզուի իմացութիւնը, ուսուցման մակարդակը բաւարար չէր:
Օրաթերթի երրորդ հանգրուանը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի նորագոյն անկախութեամբ: 90-ականները, ինչպէս ամբողջ աշխարհի, այնպէս ալ հայութեան համար բեկումնային ժամանակաշրջան էր, երբ տեղի ունեցաւ նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացումը: ԺԱՄԱՆԱԿ յաջողեցաւ համընթաց երթալ փոփոխութիւններուն՝ ստանձնելով պատասխանատուութիւնը նաեւ լուսաբանելու հայոց պետականութեան վերականգնումով պայմանաւորուած իրավիճակները: Միւս կողմէ, արհեստագիտական նորութիւնները կ՚ապահովէին, որ աշխարհի որեւէ անկիւնին հրապարակուող հայկական լրատուամիջոց համահայկական բնոյթ ստանար: Թրքահայութեան նկատմամբ աճած հետաքրքրութիւններու յագեցման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր՝ որպէս վստահելի աղբիւր, յաճախ նաեւ սկզբնաղբիւր:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը շարունակէ տպագիր տարբերակը լոյս ընծայել՝ 1000 տպաքանակով: Կը գիտակցինք, որ ժամանակները կը փոխուին ու թերթը հնարաւոր է դուրս գայ շրջանառութենէն, սակայն տպագիր տարբերակի պահանջարկ դեռ կայ: Ներկայութիւն ունինք նաեւ համացանցի եւ ընկերային ցանցերու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրոնային բաժանորդները ամէն օր կը ստանան թերթի ամբողջ ծաւալը:
-ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այսօրուայ խնդիրները մասնաւորապէս ինչի՞ հետեւանք են եւ ի՞նչ բնոյթի են:
-Հիմնական երեք գործօններով պայմանաւորուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ներկայ ճգնաժամը: Առաջինը ուղղակիօրէն կապուած է թրքահայ համայնքի առկայ վիճակին հետ, միւսները՝ մեր համայնքի կամքէն անկախ գործօններ են: Ներքին խնդիրը հետեւեալն է. անցեալ տասնհինգ տարիներուն հանդուրժելի սահմաններէն դուրս ցնցումներ տեղի ունեցան պոլսահայ համայնքի մէջ։ Անոնք անխուսափելի դարձուցին բեւեռացումները, պառակտումները: Անոնց ազդեցութիւնը, դժբախտաբար, մինչեւ հիմա կը շարունակուի: Այս լարուած պայմաններու ներքեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը ջանար մնալ անաչառ, անկողմնակալ, չյարիլ որեւէ բեւեռի եւ համերաշխութեան կոչ կը հնչեցնէր ու քայլեր կ՚ընէր համայնքէն ներս համագործակցութեան ոգիի երաշխաւորման ուղղութեամբ:
Այն շրջանակները, որոնք ծայրայեղութիւն կը հրահրէին, որոշ ժամանակ անց, համայնքի առջեւ արդարանալու խնդիրներ սկսան ունենալ եւ այդ կէտէն սկսեալ, համայնքէ ներս ցաւալի պիտակաւորումներու, զիրար մեղադրելու, ամբաստանելու շրջան մը սկսաւ։ Այս երեւոյթէն անմասն չմնաց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, զոր համակարգուած ձեւով սկսան թիրախաւորել: Մեր մօտեցումները կ՚արդարանային հանրութեան առջեւ, ինչ որ սկսաւ անհանգստացնել որոշ շրջանակներ, որոնք համայնքային լուրջ միջոցներ կը տնօրինեն: Երբ տեսան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը չեն կարողանար վերահսկել՝ սկսան մտածել եկամուտներու վրայ ազդելով «խելքի բերելու», կամ միջոցներ յատկացնելէ հրաժարելու մասին:
Մէկ այլ գործօն, որ Պոլսոյ պարագային աւելի սուր դրսեւորում ունի՝ սփիւռքի այլ օճախներու հետ համեմատած, հետեւեալն է. որքան մարդիկ մեր լեզուէն, մշակոյթէն, ժառանգութենէն կը հեռանան, ուծացումը կը բերէ չուծացածի նկատմամբ ներքին նստուածքի: Մենք, ցաւօք, փուլի մը հասած ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային սա հասած է թշնամանքի, որովհետեւ. օրինակ՝ գրած ենք, որ քաղաքէ ներս կայ հայկական դպրոցներու մեծ ցանց մը՝ մեծ թիւով աշակերտներով, բայց այդ կրթօճախները շեղած են իրենց բուն առաքելութենէն, որն է՝ հայերէնի ուսուցումը եւ սա հաւաքական արդիւնքի իմաստով չափազանց տկար մակարդակի վրայ է: Եւ այս երեւոյթի կողքին՝ ամէնօրեայ հայերէն թերթը կը մերկացնէ այդ կառոյցները եւ մենք նկատած ենք դիմադրութիւն: Թէեւ խնդիրներու լուծումները մենք միշտ պատկերացուցած ենք առաւել համախոհութեամբ, հաւաքական կամքի դրսեւորումով, իրարու ուժ տալով, առանց իրարմէ օտարանալու, բայց միւս կողմը այլ տրամադրութիւններով վարչայիններ կան։ Անոնք կը տնօրինեն հաւաքական հարստութիւնը եւ կը ցանկանան լուսանցքի վրայ թողնել, մեր ձայնը լռեցնել:
Այս բոլորին վրայ աւելցած է երկու հիմնական գործօն։ Անոնցմէ մէկը համաշխարհային է՝ համավարակը, որ բոլորի կեանքը տակնուվրայ ըրած է: Այս բանէն կը բխի Թուրքիոյ տնտեսութեան իրավիճակը, ազգային արժոյթի արժեզրկումը: Այս երեւոյթը տագնապալի կացութիւն յառաջացուցած է թերթին համար նոյնպէս: Մեր համայնքի կառոյցներու հիմնական հասոյթները, ըստ էութեան, կը գոյանան ազգապատկան կալուածներու վարձքերէ. կալուածներ, որոնք հիմնականին մէջ կը գտնուին քաղաքի հին կեդրոնին մէջ եւ վարձակալութեան տրուած են զբօսաշրջութեան ոլորտին համար ծառայութիւններ մատուցող կառոյցներու՝ պանդոկ եւ այլն: Ներկայիս, վարձողները վճարունակ չեն: Անհատական հարթութեան վրայ ալ խնդիրներ կան. ոսկերչութեան ոլորտէ ներս, ուր աւանդաբար հայ վարպետները եղած են, տագնապներ կան:
Մէկ կողմէ առարկայական, միւս կողմէ՝ ենթակայական մարտահրաւէրներ: Հաւաքական դժուարութիւնները կարելի է յաղթահարել աստիճանաբար, բայց երբ միտումնաւոր են, ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային՝ փակուղի կը տանին:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր օրաթերթի խնդիրներու լուծումը:
-Թերթի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը նախատեսած են ճանապարհային քարտէս մը, որ կ՚ենթադրէ թերթի մէկ տարուայ պիւտճէի ապահովուիլը, որպէսզի անխափան աշխատինք ու յառաջիկայ մէկ տարին շահինք, այն իմաստով, որ միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ որոնումներու արդիւնքով գոյացնենք միջոց մը, որով ալ պիտի կարողանանք օրաթերթի ապագան կազմակերպել: Մեր առաւելութիւնը այն է, որ ներկայ պահուն թերթը որեւէ անհատի կամ որեւէ կառոյցի պարտք չունի։ Այսինքն՝ բաց ճակատով կը հնչեցնենք ահազանգ այն վստահութեամբ, թէ ստեղծուած կացութիւնը վարչական անհեռատեսութեան, նիւթական մսխումի կամ տնտեսական ձախողման պատճառով չէ:
Մեզի համար ցաւալի է, որ ահազանգը կը հնչեցնենք այնպիսի պահով մը, երբ ողջ հայութիւնը ճակատագրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Կը գիտակցինք, որ պատերազմէն յետոյ Հայաստանն ու Արցախը ունին անյետաձգելի կարիքներ, որ Լիբանանի տագնապը, Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու կացութիւնը աննկարագրելիօրէն ծանր են եւ այս խնդիրներու լուծման համար մեր ազգի հնարաւորութիւնները այդ առաջնահերութիւններով պէտք է օգտագործուին: Սակայն համավարակը, ներքին պառակտումները կամ մնացեալ գործօնները ժամանակաւոր են, իսկ 114 տարի անխափան հրապարակուած օրաթերթը, մեր իրականութեան տեսակէտէ անժամանակ հարստութիւն է, արժէք: Ուստի, մեր կոչը կը խարսխենք այն տրամաբանութեան վրայ, թէ ժամանակաւոր խնդիրները պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեզմէ անժամանակ, մշտական արժէքներ խլեն: Մեր յոյսն է, որ մեր ահազանգը հնարաւորինս լայն արձագանգ գտնէ հայաշխարհէ ներս եւ ըլլան կառոյցներ, մարդիկ, որոնք այս բացառիկ իրավիճակը գնահատելով՝ կրնան մտածել, որ այս հարցն ալ առաջնահերթութիւն է: Եթէ չունենանք գիտական, մշակութային, լրատուական կամ կրթական զանազան կառոյցներ, որոնք նոր ժամանակներուն յարմար կենսունակ գործունէութիւն կը ծաւալեն, մեր պատմութիւնն ալ կորսուելու սպառնալիքի ենթակայ է, որովհետեւ պատմութիւն ըսուածը ներկայ պահը կենսունակութեամբ ապագային շաղկապելու, ապագայի հետ օղակելու երեւոյթ է: Եթէ չկարողանանք այս պատմական լրատուամիջոցի ապագան պատրաստել, կը նշանակէ, որ անոր պատմութիւնն ալ մսխած պիտի ըլլանք: