ՀԵՐՈՍ ԵՒ ՍԱՏԱՆԱՅ…

Քաղաքակրթութիւններու խորհրդանշան դարձած աշխարհի մեծ քաղաքները կը բնորոշուին նաեւ իրենց կոթողային շէնքերով։ Պետական կառոյցներ, համալսարաններ, դատարաններ, սակարաններ, վարժարաններ, եւ այլն… Ճիշդ է, որ անոնք կը պայմանաւորեն մարդոց վստահութիւնը հանրային դրութեան նկատմամբ, նաեւ հասարակութեան ընդհանուր համակարգին հանդէպ վերաբերմունքը կը ձեւաւորեն։ Անշուշտ, որ եթէ համակարգը չգործէ, այդ ամբողջ տպաւորութիւնները, նաեւ տրամադրութիւնները փուլ կու գան, սակայն, որոշ չափով կարելի է ըսել, որ այս պարագային ճարտարապետութիւնը կը հասնի հոգեբանութեան սահմանին կամ եզրին։

Գալով սահմանումներուն, սա արդէն շատ յաճախ ինքնին հանելուկ մը կը դառնայ։ «Եթէ ուտիճ մը սպաննես՝ հերոս ես, իսկ թիթեռնիկ մը սպաննելու պարագային՝ սատանայ։ Բարոյագիտութիւնը ունի էսթեթիք չափանիշներ», կ՚ըսէ Նիցչէ։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023