ՇՐՋԱՓԱԿԵԱԼ ԱՐՑԱԽԷՆ ԱՄԷՆ ՕՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ԼՈՒՐԵՐ. ՀԻՄԱ ԱԼ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ՊԱԿԱՍ

Արդէն ամիսէ մը աւելի պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղէն միշտ կը հասնին հրատապ լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական ծանր տագնապի հասած համեմատութիւնները։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ ուժանիւթի մատակարարման հարցով բարդ իրավիճակ  մը ստեղծուած է։ Այս կապակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ իր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը։ Ռուբէն Վարդանեան շեշտեց, որ պէտք է քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի հնարաւորինս երկարաժամկէտ ապահովուին բնակչութեան նուազագոյն ուժանիւթի կարիքները։ Սա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ կենսական նշանակութեամբ կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովման տեսակէտէ։

9 յունուարէն ի վեր Հայաստանէն դէպի Արցախ ուժանիւթի սնուցումը անջատուած է՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն։ Ատրպէյճան հնարաւորութիւն չի տար, որպէսզի մասնագէտները մօտենան եւ հասկնան պատճառները, վերանորոգութեան աշխատանքներ իրականացնեն։ Այժմ Ստեփանակերտի մէջ միջոցներ կ՚որոնուին՝ ելեկտրական ուժանիւթի սպառումը առաւելագոյնս նուազեցնելու ուղղութեամբ։ Յունուարի 20-էն սկսեալ պիտի սկսի գործել նաեւ կտրօնային համակարգ՝ առաջնային նշանակութեամբ քանի մը ապրանքատեսակներու համար։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ կը փորձէ միջազգային դերակատարները շարժման անցընել՝ Արցախի շրջափակումը յաղթահարելու համար։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային հարցերու, մանրամասն քննարկուեցան Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վերաբերեալ հարցերը, կարծիքներ փոխանակուեցան խնդրի հանգուցալուծման շուրջ։ Վահագն Խաչատուրեան ներկայացուց՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման միտուած Հայաստանի քայլերը։ Ան վերահաստատեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ եռակողմանի յայտարարութիւններէն բխած բոլոր պատասխանատուութիւնները կատարելու ուղղութեամբ, նոյնը ակնկալելով նաեւ Ատրպէյճանէն։

Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր իր լիակատար աջակցութիւնը արտայայտեց խաղաղ գործընթացին ի նպաստ։ Ան նշեց, որ Պերլին պատրաստ է առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու՝ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՉԿԱՆ

Մինչ այդ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եայէլ Պրաուն-Փիվէի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Բանակցութիւններու ընթացքին անոնք անդրադարձան Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Այս փուլին Փիվէ յայտնեց. «Ֆրանսա չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, սա կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, որուն կ՚ենթարկուինք»։ Բաց աստի, ան պատասխանեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման վերաբերեալ հարցումի մը։ «Կը կարծենք, որ այսօր այլ քայլեր կիրառելը տեղին չէ», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ալէն Սիմոնեանն ալ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Մենք երկու ազգ ենք, բայց մէկ քաղաքակրթութիւն»։

«G-20»ԻՆ ԿՈՉ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտարարեց, որ Մեծն քսանեակի (G-20) անդամներուն կողմէ Ատրպէյճանի վրայ յստակ ճնշումի գործադրումը անհրաժեշտ է՝ դադրեցնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անմարդկային շրջափակումը։ Ան այս կոչը հնչեցուց «G-20»ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հնդկաստանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած առցանց ժողովի մը ժամանակ։ Միրզոյեան յիշեցուց, որ Երեւան անհրաժեշտ կը համարէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մը գործուղղուիլը՝ տեղւոյն վրայ գնահատելու համար մարդասիրական իրավիճակը։ Հայկական կողմին ակնկալութիւնն է նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններուն համար Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մարդասիրական մուտքի ապահովումը։

ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հերթական անգամ տեղեկացուց, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան վերականգնման նպատակով։ Ռուս խաղաղապահները երեսուն դիտակէտերու միջոցաւ իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկում կը կատարեն եւ կ՚իրականացնեն հրադադարի դրութեան վերահսկողութիւնը։

ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱՊԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ

Միւս կողմէ, այս ամբողջ մռայլ համայնապատկերին վրայ երէկ Ստեփանակերտէն հասաւ դրական լուր մը։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին վերականգնուած է համացանցը։ Ռուս խաղաղապահ զօրախումբին միջոցաւ վարուած բանակցութիւններուն շնորհիւ «Ղարաբաղ թելեքոմ» ընկերութեան թեքնիք մասնագէտները կարելիութիւն ունեցած են վթարի վայր այցելել եւ ցանցի վնասուած մասը վերանորոգել։ Այսպէսով, Արցախի մէջ յունուարի 12-ին խափանուած համացանցը սկսաւ վերստին գործել։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023