ՌԱՄԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԶՕՐԱՆՈՑԸ՝ 9 ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՎԵՐՋ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ

Ռամիի պատմական զօրանոցը արդէն ընդարձակ գրադարանի մը վերածուած է՝ ինն տարուան վերանորոգութենէ մը վերջ։ Օսմանեան շրջանի այս հսկայական զօրանոցը այժմ վերածուած է Թուրքիոյ մեծագոյն գրադարանին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան երէկ այցելեցին այս նոր գրադարանը, ինչ որ բնորոշեց արդէն անոր պաշտօնական բացումը։ Համալիրը, որ շուրջօրեայ ծառայութիւն պիտի մատուցէ, կ՚ընդգրկէ աւելի քան 2 միլիոն գիրք։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շրջանին այս թիւը բարձրանայ։ Պատանիներէ եւ երիտասարդներէ սկսեալ, մինչեւ համալսարանականներ եւ ակադեմականներ՝ այս գրադարանը ծառայութիւն պիտի մատուցէ շատ մեծ խաւի մը համար։ Նախագահ Էրտողան երէկուան այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ ընդարձակ համալիրին եւ ուսումնասիրեց գիրքերը։ Հարկ է նշել, որ այս գրադարանէն ներս առանձնացուած բաժին մը կայ՝ Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի գիրքերուն համար։ Նոր համալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ հին գիրքերու վերականգնման մեծ բաժին մը՝ օժտուած անհրաժեշտ բոլոր արդիական սարքաւորումներով։ Նոյնիսկ մասնաւոր բաժին մը գոյութիւն ունի մինչեւ երեք տարեկան մանուկներու ժամանցին համար։ Գրադարանը Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեան տակ կը գործէ։ Նախագահ Էրտողանին երէկուան այցելութեան ընթացքին ընկերացաւ նաեւ նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ Ռամիի գրադարանը, միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպայի մեծագոյն գրադարաններու շարքը կը համալրէ։

Օսմանեան շրջանին, Սուլթան Մուսթաֆա Գ.-ի գահակալութեան տարիներուն կառուցուած է Ռամիի զօրանոցը, որու փառքի օրերը զուգադիպած են Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի գահակալութեան ժամանակաշրջանին։ Զօրանոց ըլլալէ դադրելէ վերջ այս ամբողջ տարածքը յանձնուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեան։ 1986 թուականին, առժամեայ կարգադրութիւնով այնտեղ սկսաւ գործել մեծածախս սննդամթերքի հսկայական կեդրոն մը։ 2014 թուականին սկսաւ վերանորոգութիւնը եւ ինն տարուան աշխատանքէ մը վերջ այստեղ արդէն՝ ճակատագրին լքուած շէնքը վերածուեցաւ գրադարանի մը։

36 հազար քառակուսի մեթր փակ տարածքի մէջ ծառայութիւն պիտի մատուցանէ Ռամիի գրադարանը, որու համալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ 51 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ հանրային պարտէզ մը։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023