ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ ԱՐԴԷՆ 14-ՐԴ ԱՌՑԱՆՑ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ անցեալ տարեվերջին թողարկուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-գրապատում» առցանց նոր գիրքը։ 65 տարիներու վրայ տարածուած՝ հեղինակին կողմէ ստորագրուած յօդուածներու ժողովածոն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է գիրքերու վրայ։ Առցանց հրատարակութիւնը կը բովանդակէ 67 գրութիւն, երկուքը անտիպ։ 400 էջէ բաղկացեալ հատորին պարունակութիւնը 5 գլուխներու բաժնուած է՝ ժամանակագրական խմբաւորումներով։

Յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել տուած է, որ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը վարած շրջանին գրած էր՝ յատկապէս երկու տեսակ գիրք։ Առաջինը՝ ընկերային-գաղափարական հարցերուն նուիրուած, ոչ-հայերու կողմէ գրուած, սակայն անպայման հայերը հետաքրքրող նիւթերով։ Հեղինակը այդ գործերը նկատած է որպէս ներշնչման կամ դաս քաղելու հնարաւորութիւն։ Երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ Խորհրդային տարիներուն ծագած անմարդկային իրավիճակներուն վերաբերեալ վկայութիւններու տեսակը եղած է։ Վրէժ-Արմէն Արթինեան մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է այդպիսի վկայութիւններով գրական յուշագրութիւնները, որովհետեւ այդ տարիներուն լեզուները սկսած էին բացուիլ։

Այս երկու առանցքով գրախօսականներու կամ ակնարկներու եւ ուրիշ այլազան գիրքերու կամ ընդհանրապէս գիրքի առընչուած հարցերու ձօնուած յօդուածներու կողքին, առցանց այս նոր գիրքին մէջ ընդգրկուած են պատումներ, յուշեր, օրագրութիւններ, նորավէպեր, երգիծական էջեր, հարցազրոյցներ եւ դասախօսութիւններ։ Այս բոլորը ընթերցողը հաղորդ կը դարձնեն հեղինակի՝ գիրքերու հանդէպ ունեցած սէրին, հետաքրքրութեան ու անոնց վերաբերեալ ապրումներուն։

Առցանց գիրքը ճոխացած է Անահիտ Աբրահամեանի գեղանկարչութեամբ։ Յօդուածներուն ընդհանրապէս կցուած են ո՛չ միայն գրախօսուող գիրքերու կողքերն ու հեղինակներուն նկարները, այլեւ բովանդակութենէն բազմաթիւ նկարներ՝ մանաւանդ արուեստի գիրքերու պարագային։

Այս նոր առցանց գիրքը Վրէժ-Արմէն ձօնած է իր կողակցին՝ Նազիկ Քուլաքեան-Արթինեանին։

Սա Վրէժ-Արմէնի հեղինակած 14-րդ առցանց գիրքն է։ Այս նորագոյնն ու նախորդած 13-ը մատչելի են հետեւեալ յղումով՝ https://hayerenblog.wordpress.com «Գիրքեր» բաժնին մէջ։ Նոյն յղումին հետեւելով՝ «Անտիպ» բաժնին մէջ ալ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023