ԱԶԴՈՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները՝ ներառեալ առեւտրաներդրումային, բեռնափոխադրումներու, լոժիսթիք ու մարդասիրական ոլորտները։ Փութին եւ Փեզեշքիան պիտի արժեւորեն նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերը։ Անոնք պիտի ստորագրեն պայմանագիր մը՝ Ռուսաստան-Իրան համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին։ Նախատեսուած է նաեւ նախագահներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Մոսկուա-Թեհրան այս գագաթը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ։ Այսպէս, Ժընեւի մէջ երէկ սկսաւ Իրանի եւ Եւրոպական եռեակի (Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա) բանակցութիւններու նոր փուլը։ Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ միշտ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ Հարաւային Կովկասը։ Յամենայնդէպս, Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջերս այս առումով անհամաձայնութիւններ ու տարակարծութիւններ ջուրի երես ելած են։ Ռուսաստան Ատրպէյճանի հետ նոյն յաճախականութեան վրայ յայտնուած է՝ մասնաւորապէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդրայարոյց նիւթին շուրջ, որու կապակցութեամբ Իրանի մօտեցումները աւելի մօտ կը համարուին Հայաստանին։

Փութին-Փեզեշքիան ժամադրութեան ընդառաջ, Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիան իրերայաջորդ այցելեց Երեւան եւ Պաքու։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը բոլոր հնարաւոր կարողութիւնները կ՚օգտագործէ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութիւնը պահպանելու եւ խթանելու համար։ Անդրադառնալով Ահմատիանի վերջին օրերու շփումներուն՝ բանբերը ընդգծեց, որ Իրանի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են Իրանի համար», շեշտեց բանբերը։ Բաց աստի, բանբեր Պաղայի համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը պէտք է զերծ պահել արտաքին միջամտութենէ։ Տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ընթացքին պէտք է զերծ մնալ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւումէ։

Միւս կողմէ, ենթադրելի է, որ Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ կը գնահատուին նաեւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները՝ որքան որ ալ երկուքն ալ այդ երկրէն ներս կորսնցուցած ըլլան մօտաւոր անցեալի իրենց ազդեցութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2025