ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՃԳՆԱԺԱՄ
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականով մտահոգիչ տագնապ մը ծագեցաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Ներկայիս այս ճգնաժամը կը բնորոշէ մեր համայնքին օրակարգը։ Իրականութիւնը այն է, որ առկախեալ ընտրութիւնները կը կաթուածահարեն թրքահայութեան կեանքը՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով ու մաշեցուցիչ վերիվայրումներով։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի երէկուան հրաժարականը զուգադիպեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հերթական ժողովին։ Ուստի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը մասնակցութիւն բերաւ VADİP-ի 2017 թուականի առաջին ժողովին։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որ տեւեց սովորականէն շատ աւելի երկար։ Պետրոս Շիրինօղլու ցաւալի եւ տխուր նկատեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականը։ Աւելի վերջ ան խօսքը թողուց Նորին Սրբազնութեան, որ երկար բացատրութիւններ տուաւ հրաժարականին շուրջ։ Նոյնիսկ անզէն աչքով կարելի էր նկատել, որ խորապէս ցնցուած էր Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, զգացական պոռթկումի մը մէջ էր։ Իրեն տեսակէտէ բաւական ջղագրգիռ փուլի մը մէջ էր Նորին Սրբազնութիւնը, ինչ որ մարդկայնօրէն հասկնալի էր։ Զգացական պոռթկումը հասած էր այն մակարդակին, որ նոյնիսկ ան չյաջողեցաւ ինքզինք զսպել եւ ինքզինքին թոյլ տուաւ անարգանքէ աւելի հայհոյանքով արտայայտուելու Կրօնական ժողովի հասցէին։ Յամենայնդէպս, բոլոր ժողովականները վաղուց ծանօթ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ոճին, հաւասարակշռութեան եւ մտաւոր կարողութիւններուն, հետեւաբար հակուած էին հանդուժել այդ բոլորին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մանրամասնօրէն ամփոփեց 2011 թուականին Իսթանպուլ վերադառնալէն ի վեր անցած շուրջ վեց տարուան գործընթացը։ Ան շեշտեց, որ պայթիւնավտանգ իրավիճակ մը ստեղծուած է համայնքէն ներս, սակայն ինք որոշած էր բարեկամանալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Իր դիտարկումներով, պատրիարքի մը բացակայութիւնը համայնքէն ներս կը խորացնէ քաոս մը։ Այս երեւոյթին որպէս օրինակ ան մատնանշեց Պատրիարքարանի առջեւ սեւ ծաղկեպսակի մը թողուիլը եւ ըսաւ. «Արկածախնդիր մարդիկ կային եւ կարելի չէր երկար ժամանակ երթալ անոնց հետ։ Դուք ալ չկայիք, հեռու մնացիք»։ Համայնքային վարիչներուն այս քննադատութիւնները հասցէագրելէ վերջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան աւելցուց, որ անհաւասարակշռութիւններուն փոխարէն պետութիւնն ալ անպատասխան թողած է դիմումները։
Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հանգստեան կոչուելէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Նորին Սրբազնութիւնը։ Իր խօսքերով, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ հասարակաց յայտարար մը գտած էին պատկան մարմիններուն ներկայացուելիք նամակի բովանդակութեան շուրջ։ Յաջորդած շրջանի տարաձայնութիւններուն ալ անդրադառնալէ վերջ ան ըսաւ, թէ երէկ առաւօտ գումարուած Կրօնական ժողովի ընթացքին բարեկամաբար պարզած էր իր գաղափարները։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ Կրօնական ժողովը ընթացք չէ տուած իր մօտեցումներուն։ Ժողովական հայրերէն միայն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան համամիտ գտնուած է իրեն։ Այս պայմաններուն ներքեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բաւական ծանր ու վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի անդամներու հասցէին։
Ի մէջ այլոց Նորին Սրբազնութիւնը նշեց նաեւ, որ եթէ չըլլար իր աջակցութիւնը, ապա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չէր կրնար հիմնել «Յովակիմ 1461» հիմնարկը։ Ան յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պէտք է հեռանայ։ «Թող լքէ ու երթայ, թող երջանիկ ըլլայ, բաւականաչափ դրամ ունի։ Այլապէս, այս պատրիարքական ընտրութիւնը հանրաքուէէն վերջ ալ պիտի չըլլայ», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Իր խօսքերուն տեւողութեան Նորին Սրբազնութիւնը դառնութեան ալ ազդեցութեամբ յայտնեց, թէ անօգուտ է նաեւ ժողովուրդին բան մը բացատրելու ջանքը։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ ինք ներկայիս կ՚առաջնորդուի երանաշնորհ Օրմանեան Պատրիարքի սկզբունքով. մի յաւակնիր որեւէ պաշտօնի, սակայն եթէ այդ պաշտօնը քեզի վիճակի, մի խուսափիր։
«Այս երկրին մէջ ծառայութիւն մատուցելու կորով այլեւս չունիմ։ Քիչ մը պէտք է ինքզինքս, իմ հոգիս հանգստացնեմ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ այս ժողովուրդին պատրիարքը ըլլամ այս երկրին մէջ։ Ես թեկնածու չեմ։ Կաթսան կը գլորի ու կը գտնէ իր կափարիչը։ Այս կռիւը պատրիարք դառնալու կռիւ մը չէ։ Արամ Սրբազան շատ ազնիւ է։ Ինքզինքը բնաւ չթաքցուց ձեզմէ, դուք ալ զինքը սիրեցիք, կարմիր գորգեր փռելով ձեռքը համբուրեցիք։ Զիս շատ առանձին թողուցիք։ Իմ անունս գիտէք, սակայն ոչ իմ ոդիսականս։ Վստահ եմ, Արամ Սրբազանն ալ այս վիճակին համար ցաւ կը զգայ», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Աւելի վերջ Նորին Սրբազնութիւնը ժողովականներուն յորդորեց ապահովել երեք հիմնական նախադրեալ։ Առաջինն է ընտրել պատրիարքական տեղապահ մը, բացի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն։ Երկրորդ՝ կազմել նախաձեռնարկ մարմին մը եւ երրորդ՝ այդ պայմաններուն հիման վրայ դիմել պետութեան։ «Եթէ այս բաները չկարենաք ընել, ես կը թքնեմ ձեր երեսին։ Սա կը նշանակէ, որ որեւէ բանի չծառայող մարդիկ էք։ Ես այստեղ եմ, հեռու չեմ։ Հեռաձայնի ծայրն եմ», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ աւելցուց, որ սա առիթ մըն է՝ որպէսզի VADİP փաստէ ինքզինքը։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած համայնքային վարիչները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի այս արմատական քայլին պատճառներուն եւ բաւական սուր բանաձեւումներուն։ Անոնք հանդէս եկան շինիչ թելադրութիւններով ու մանաւանդ պաղարիւնութեան կոչով։ Ընդհանրապէս համայնքային վարիչներու տրամադրութիւնը ուղղուած էր Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը շահիլ՝ որպէս նուիրեալ հոգեւորական, լաւ քարոզիչ ու մտաւորական կարողութիւններով օժտուած եկեղեցական։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան աւելի վերջ հրաժեշտ առաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն։ Մեկնելէ առաջ ան պահանջեց, որպէսզի համայնքային վարիչները իր խօսքերը քննարկեն դռնփակ։ Հետեւաբար, Նորին Սրբազնութեան մեկնումէն վերջ մամլոյ ներկայացուցիչները դուրս եկան սրահէն եւ համայնքային վարիչները պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ ծաւալեցին բուռն քննարկում։ VADİP-ի դիւանը խոստացաւ քննարկումներու դռնփակ բաժնին շուրջ հրապարակել հաղորդագրութիւն մը, սակայն մինչեւ թերթիս մամուլին յանձնուած պահը այդօրինակ ոչինչ հասաւ խմբագրութեանս։
Երկարատեւ նիստի աւարտին, ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, համայնքային վարիչները հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն դարձեալ համախմբուին այս նիւթին շուրջ։