ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալւեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Փաշինեան ընդունուեցաւ Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի կողմէ։ Ան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնարկէն ներս՝ «Տեւական համագործակցութիւն նոր նախանշաններու ներքեւ. Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններ» նիւթով։ Հարկ է նշել, որ այդ հիմնադրամը կը գործէ Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Անկելա Մերքէլի եւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Պերլինի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Գերմանիա բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, որոնցմէ առաջ երկու վարչապետները հանդէս եկան նաեւ համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Պերլինի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ վերջին շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ հանդիպումը կ՚ունենայ իր գերմանացի պաշտօնակցին հետ։ «Այսօր հայ-գերմանական յարաբերութիւնները կը գտնուին երբեւէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Գերմանիան Հայաստանի մտերիմ բարեկամն ու գործընկերն է։ «Մենք կը զգանք այդ բարեկամութեան ուժը թէ՛ զգացական եւ թէ գործնական առումներով։ Գերմանիան այն հզօր կամուրջներէն մին է, որ Հայաստանը կը կապէ Եւրոպական Միութեան, եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին հետ։ Վստահութեամբ կրնամ արձանագրել, որ մեր բարեկամութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ։ Անոնք կը միաւորեն մեր երկու երկիրները եւ յուսալի հենք կը ծառայեն զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան համար», ըսաւ Փաշինեան։

Պերլինի մէջ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կը կոչուին արդիւնաւէտութեամբ։ Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, կրթութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Իր կարգին, Անկելա Մերքէլն ալ շեշտեց, որ յառաջիկայ աշնան Պերլինի մէջ պիտի սկսի գործել ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը։ «Հայաստան Եւրոմիութեան հետ համաձայնագիր ստորագրած է, միեւնոյն ժամանակ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիր մըն է եւ մենք տակաւին երկար աշխատանք պէտք է տանինք՝ երկու միութիւններու համագործակցութեան համար», ըսաւ Մերքէլ։ Բաց աստի, գերմանացի շանսէօլիէն նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նիւթը իրենց քննարկումներու կարեւոր հարցերէն մին է։ «Պէտք է երկար աշխատանք տանինք, որպէսզի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հարցին մէջ առաջընթաց ունենանք», ըսաւ ան։

Թէ՛ Փաշինեան եւ թէ Մերքէլ Պերլինի մէջ ընդգծեցին, որ Գերմանիա կ՚աջակցի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն։ Մերքէլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Հայաստան Գերմանիոյ հետ խտացեալ ձեւով կը համագործակցի՝ Աֆղանիստանի խաղաղապահ առաքելութեան մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին բացման պաշտօնական արարողութեան եւ կ՚ունենայ շարք մը այլ հանդիպումներ։  

ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի մէջ յայտարարեց, որ միակողմանի գործողութիւններով հնարաւոր չէ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ «Եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն միակողմանի գործողութեան մը պէտք է ձեռնարկէ, ապա այդ մէկը ո՛չ թէ պիտի լուծէ խնդիրը, այլեւ՝ ընդհակառակն, պիտի խորացնէ», յայտնեց վարչապետը Պերլինի մէջ, «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնարկէն ներս երէկ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ։ Պերլինի ատրպէյճանցիներու համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցման ի պատասխան ան ըսաւ.

«Ատրպէյճանի մէջ շատ կը սիրեն խօսիլ տարածքներու մասին, բայց շատ կարեւոր է հասկնալ, որ մենք կը խօսինք անվտանգութեան մասին։ Ատրպէյճան երկիր մըն է, ուր մարդը կը հերոսացնեն այն պատճառով, որ հայ մը սպաննած է»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան բացատրեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաս չէ զիջել իր անվտանգութիւնը՝ ինչպէս այլ որեւէ երկիր մը։ «Ո՞ր երկիրը պատրաստ է զիջել իր անվտանգութիւնը։ Այսինքն՝ իրավիճակի լուծումը կրնայ կապուած ըլլալ անվտանգութեան երաշխիքներու հետ, որոնք չկան եւ չեն եղած», ըսաւ ան եւ մեկնաբանեց նաեւ իր կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ։ Ըստ Փաշինեանի, այդ յայտարարութիւնը ունի շատ պարզ բացատրութիւն մը։ «Մենք ըսած ենք, որ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը կ՚ընկալենք որպէս յարձակում Հայաստանի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է», ըսաւ Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստան բանակցային գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ շինիչ քայլ չէ տեսած։ Յամենայնդէպս, ան աւելցուց, որ յաջողած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հասնիլ շփման գծի վրայ լարուածութեան թուլացման։ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ շինիչ քննարկումներու արդիւնքով ո՛չ միայն հնարաւոր կը դառնայ պահպանել համեմատաբար կայուն իրավիճակը, այլեւ՝ կարելի կ՚ըլլայ ընթանալ դէպի իսկական կարգաւորում։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մեկնած է Գերմանիա, երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Միխայէլ Ռոթի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ Գերմանիոյ հետ հաստատուած գործընկերային յարաբերութիւնները։ Նախարարները հանգամանօրէն անդրադարձան երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղղեալ համատեղ ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգին մասին հարցերու լայն շրջանակի մը։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի հրատապ հարցերու լայն շրջանակի մը շուրջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020