ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ 1915-Ի ԴԷՊՔԵՐԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՈՐՊԷՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915-ի դէպքերը ճանչցաւ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Որոշման մէջ միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտուի ցեղասպանութիւնը։ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին կողմէ օրակարգի վրայ բերուած նախագիծ մըն էր այս մէկը, որու քննարկման ժամանակ ելոյթ մը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Նորա Արիսեան։ Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալիհ յիշեցուց, որ նախապէս յարգանքի տուրք մատուցուած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, սակայն անհրաժեշտ է ունենալ նման բանաձեւ մը։ Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճի Իպրահիմ մատնանշեց ճանաչման կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, ցայսօր արաբական երկիրներէն միայն Լիբանանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Սուրիոյ խորհրդարանի արաբական եւ արտաքին յանձնաժողովի նախագահ Պութրոս Մըրճենն ալ շեշտեց, որ ժամանակն է ճանչնալ ու դատապարտել այդ անմարդկային արարքները՝ կանխելու համար անոնց կրկնութիւնը։ Ըստ իրեն, սա պատմական իրողութիւն մըն է, որ ճանաչում գտած է մեծադիր երկիրներու կողմէ։
Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս հայկական բանաձեւի իւրացումը ընկալուեցաւ ծափահարութիւններով։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ իսկ արձագանգեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած որոշման։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ խորհրդարանի որոշումը հայ-սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն է։
Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն բողոք ցուցաբերեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ առնուած որոշման դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը։ Մատնանշելով Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ վերջին տարիներուն երկրի վարչախումբին կողմէ առնուած քայլերը՝ նախարարութիւնը յայտնեց. «Սա երկերեսութեան պատկերն է այն վարչախումբի, որ տարիներէ ի վեր սեփական ժողովուրդին դէմ ամէն տեսակ սպանդ կը կատարէ, միլիոնաւոր մարդիկ տեղահան կը դարձնէ եւ ծանօթ է քիմիական զէնք օգտագործելու հմտութիւնով»։
Տեղական մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ Սուրիոյ խորհրդարանի որոշման՝ ընդգծելով, որ սա խափանարարութիւն մըն է Պեշար Էսատի վարչախումբին կողմէ, որ Իտլիպի մէջ կը յարձակի թուրք զինուորներուն վրայ։