ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աղբիւրները ուրախութեամբ տեղեկացուցին այս կրթօճախի շրջանաւարտներէն Աննա եւ Լինա Մովսիսեան քոյրերու կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները Հայաստանի մէջ։ Վարժարանը աւարտելէ վերջ անոնք մեկնած են Հայաստան, ուր նոյնպէս յաջողութեամբ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։

Ներկայիս, Աննա Մովսիսեան կ՚ուսանի Հայաստանի Ոստիկանութեան ակադեմիայի Իրաւաբանութեան բաժնէն ներս։ Ապագային ան ոստիկանութեան քննիչ պիտի դառնայ։ Իսկ Լինա Մովսիսեան կը յաճախէ Կիւմրիի Տնտեսագիտական քոլէճը։ Ան կը ծրագրէ վկայականը ստանալէ վերջ յաճախել Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը։

Մովսիսեան քոյրերը միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց դպրոցը, որ անոնց համար հարազատ բոյն մը հանդիսացած է եւ որուն փարած են սերտ զգացումներով։ Հայաստան վերադառնալէ վերջ անոնց արձանագրած յաջողութիւնը արդէն բարձր գնահատանքի արժանացած է։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022