ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, երկրաշարժէն աւելի քան շաբաթ մը անց, տակաւին փլատակներու տակէն դուրս կը բերուին կենդանի աղէտեալներ։ Մինչ այդ, ամբողջ թափով կը շարունակուի աղէտեալներուն օգնութիւն փութացնելու աշխատանքը։ Պետութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ շարժման անցած է մէկ կողմէ այժմու հրատապ կարիքները դիմագրաւելու, իսկ միւս կողմէ արդէն աւելի երկարաժամկէտ ձեւով քայլեր առնելու նպատակով։ Արդարեւ, կը նախատեսուի, որ երկրաշարժէն աւերուած տասն քաղաքները արդէն յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին հնարաւորինս վերականգնուին։

Մինչ այդ, ամբողջ աշխարհէն զօրակցութեան պատգամներ հասնիլ կը շարունակեն Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ։ Այս զրոյցի ընթացքին Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն յայտնած է, որ Եւրոպա Թուրքիոյ կողքին է։ Ան նախագահ Էրտողանի նկատառման յանձնած է խորին ցաւակցութիւնները եւ զրոյցի տեւողութեան շօշափուած են Թուրքիոյ ի նպաստ աջակցութեան յառաջիկայ փուլերուն վերաբերեալ հարցեր։ Եւրոմիութիւնը ամենաարագ ձեւով արձագանգած էր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտին։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն նախագահ Էրտողանին յայտնած է, որ Եւրոյանձնաժողովը յաւելեալ միջոցներ շարժման պիտի անցընէ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ պատսպարման հնարաւորութիւններ գոյանան։ Բաց աստի, Եւրոյանձնաժողովը մասնաւոր հատուածն ալ շարժման պիտի անցընէ, որպէսզի անհրաժեշտը փութացուի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2023