ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
«Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ մանրամասն անդրադարձաւ Հայաստանի կողմէ Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան եւ մանաւանդ՝ հայ փրկարարներու կողմէ աղէտի գօտիէն ներս՝ Ատըեամանի մէջ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Պետական գործակալութեան կողմէ ծաւալուն արձագանգ մըն էր այս մէկը, որուն մէջ շեշտուած է, որ հայ փրկարարներու խումբը կը բաղկանայ 28 հոգիէ։ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան ենթակայ Փրկարար ծառայութեան անդամներէն Կարիկ Արմաղանեան այս առթիւ գործակալութեան ներկայացուցիչին յայտարարած է հետեւեալը. «Ես այսպիսի երկրաշարժ մը չեմ տեսած, նոյնպէս մեր խումբի անդամները։ Այսպիսի մեծ եւ ծանր փլատակներ երբեք չեն տեսնուած։ Թուրքիոյ կողմէ ուղղուած միջազգային օժանդակութեան կոչին անսալով մեր մասնաւոր խումբը եկած է այս տարածաշրջան։ Փետրուարի 7-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրահանգով, մենք եկանք Թուրքիոյ Հանրապետութիւն եւ փետրուարի 8-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Կազիանթէպի օդակայանին մէջ էինք։ Աւելի վերջ ճանապարհ դուրս եկանք դէպի Ատըեաման։ Փետրուարի 8-էն ի վեր Ատըեամանի զանազան շրջաններուն մէջ կը շարունակենք մեր փրկարար աշխատանքները։ Դժբախտաբար, ցարդ փլատակներու տակէն ոեւէ մէկը չկրցանք փրկել։ Մեր փրկարարական աշխատանքները կը շարունակենք մասնաւոր սարքաւորումներով։ Մեր աշխատանքներուն մասնաւոր կրթուած շուներ ալ կը մասնակցին։ Ընդունեցէք, խնդրենք, մեր ցաւակցութիւնները։ Այս ծանր կացութեան մէջ համբերութիւն կը մաղթենք։ Թուրք ժողովուրդը կրնայ վստահ ըլլալ, որ այս սեւ օրերուն միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ Հայաստանը, պատրաստ է ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու»։
Գործակալութեան արձագանգին մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է, որ Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանը 35 տարի վերջ վերստին գործարկուած է այս երկրաշարժին ժամանակ։ Հայաստանէն հինգ բեռնատարներով մարդասիրական օժանդակութիւն տեղափոխուած է Թուրքիա։ Նոյն սահմանադուռէն Թուրքիայէն Հայաստան 1988 թուականին մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրուած էր՝ Սպիտակի երկրաշարժին ժամանակ։