Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթի շփումները աւարտելով անցաւ Գահիրէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային տնտեսական համաժողովին։ Աշխարհի շուրջ հարիւր պետութիւններուն կողմէ նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ միջազգային ելմտական կառոյցներու պատասխանատուներ մասնակցութիւն կը բերեն այս համաժողովին։
Գահիրէի մէջ նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Աբրահամեանի տեսակցութիւնը Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլ Ֆէթթահ Էլ Սիսիի հետ։
Շաբաթ, Մարտ 14, 2015