ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՕՐԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­լէ­պի «Մար­տի­րոս Սա­րեան» ա­կա­դե­միոյ սա­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը վեր­ջերս ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէ­սով մը ներ­կա­յա­ցուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Հա­լէպ. տագ­նա­պա­լի օ­րեր» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­գի­տու­թեան ազ­գա­յին կեդ­րո­նի ման­կա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Այս ա­կա­դե­միոյ հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ՀԲԸՄ-ը եւ «Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։

Ձեռ­նար­կի բաց­ման առ­թիւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ցու­ցա­հան­դէ­սը դրուա­տե­լու ա­ռըն­թեր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­կա­դե­միոյ ու­սու­ցիչ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեա­նի մա­սին։ Հարկ է նշել, որ քսան տա­րի ա­ռաջ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեան Կիւմ­րիէն Հա­լէպ մեկ­նած էր՝ այդ մշա­կու­թա­յին օ­ճա­խը եր­կու տա­րուան ժամ­կէ­տով ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար, սա­կայն նուի­րուե­լով գոր­ծին՝ մնա­ցած էր այն­տեղ եւ ա­կա­դե­միան հաս­ցու­ցած՝ բարձր մա­կար­դա­կի մը։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015