ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր շրջա­գա­յու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Այ­սօր ան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ա­թէնք, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Յու­նաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­տե­սուած է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման ու շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով կ՚ամ­փո­փեն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Այս այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Սերժ Սարգ­սեան եւ Յու­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լոս միաս­նա­բար ներ­կայ կը գտնուին «Հա­յաս­տան. Ա­րա­րա­տի ո­գին» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ա­թէն­քի Բիւ­զան­դա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան թան­գա­րա­նին մէջ։

Ա­թէն­քի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լէ վերջ, վա­ղը, Սերժ Սարգ­սեան պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Յու­նա­կան Կիպ­րոս, նոյն­պէս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Սերժ Սարգ­սեան, որ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի հետ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով՝ կ՚ամ­փո­փէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Կող­մե­րուն մի­ջեւ կը ստո­րագ­րուին նաեւ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման հա­մար։ Կիպ­րո­սի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս նա­խա­տե­սուած է Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­լոյ­թը՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ դա­սա­խօս­նե­րուն առ­ջեւ։

Թէ՛ Յու­նաս­տա­նի եւ թէ Հա­րա­ւա­յին Կիպ­րո­սի մէջ Սերժ Սարգ­սեան կը տե­սակ­ցի նաեւ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Մար­տի 16-ի ե­րե­կո­յեան, կղզիի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լով՝ Սերժ Սարգ­սեան պի­տի ու­ղե­ւո­րուի Պրիւք­սէլ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի Ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան հեր­թա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016