ՍԱՐՍԱՓԱԶԴՈՒ ԵՒ ԱՐԻՒՆԱԼԻ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն (18.43) պատահած ահաբեկչական յարձակումը հերթական անգամ ցնցեց բովանդակ Թուրքիան։ Մերասիմ փողոցին մէջ պատահած յարձակումէն քսանհինգ օր վերջ այս անգամ մայրաքաղաքի սրտին վրայ՝ Քըզըլայի հրապարակը դարձաւ ահաբեկիչներուն թիրախը։ Կիւվէնփարքի հանրակառքերու կայանին մօտ պայթեցուեցաւ ռումբով լեցուն ինքնաշարժ մը։ Մայրաքաղաքի ամենաբանուկ կէտերէն մէկն է այս մէկը եւ դէպքը պատահեցաւ երբ որ այնտեղ կը գտնուէր հարիւրաւոր հոգի։ Հանրակառք մը եւ հինգ ինքնաշարժներ այրեցան ամբողջութեամբ։ Քսան ինքնաշարժ եւ բազմաթիւ շէնքեր ալ վնաս կրեցին։ Ընդհանուր առմամբ վերջին հինգ ամսուան ընթացքին սա եղաւ Անգարայի մէջ պատահած երրորդ պայթումը։
Երէկուան դէպքը իսկապէս սարսափազդու էր եւ յեղաշրջեց երկրին օրակարգը։ Ահաբեկչական այս վայրագ ու արիւնալի յարձակման հետեւանքով երկիրը անգամ մը եւս դէմ յանդիման մնաց անիծելի բռնարարքի մը։ Մղձաւանջային այս դէպքը խլեց 37 անմեղ անձի կեանք։ Կան աւելի քան հարիւր վիրաւորեալներ։
Այս դէպքէն անմիջապէս վերջ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։ Վարչապետարանի պաշտօնական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին Առողջապահութեան նախարար Մեհմէտ Միւէզզինօղլու փոխանցեց առաջին տուեալները։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալան ալ նոյն ժողովէն վերջ յայտնեց, թէ արդէն լուրջ տուեալներու հասած են իրաւապահ մարմինները։ Երկու նախարարներն ալ պախարակեցին դէպքը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ պայթումէն վերջ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը անպայման ծունկի պիտի բերուի։ Նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ այս յարձակումները կը բարձրացնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վճռականութիւնը։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտնեց, որ ազգը պիտի դիմադրէ զօրակցութեամբ։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի յայտարարեց, որ այս բարբարոսութիւնը պիտի լուսաբանուի։ ՀՏՓ-ն ալ յայտարարեց, որ կը պախարակէ այս վայրագ յարձակումը։
ՓՔՔ-ի հետ առընչակից այս դէպքին կապակցութեամբ միջազգային ընտանիքն ալ կրկնեց իր աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը ի նպաստ Թուրքիոյ։
Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը այս առաւօտ նոր ռմբակոծումներ իրականացուցին Քանտիլի դէմ։