ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ-ՄԵՐՔԷԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

ՄԱԿ-ի միջ­նոր­դու­թեամբ Ժը­նե­ւի մէջ այ­սօր նա­խա­տե­սուած են Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Քննար­կուե­ցան ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցած Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ար­դիւնք­նե­րը եւ Մար­տի 18-ին նա­խա­տե­սուած նոր գա­գա­թա­ժո­ղո­վին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Տա­վու­տօղ­լու եւ Մեր­քէլ քննար­կե­ցին գաղ­թա­կա­նաց հար­ցերն ու թրքահ­պա­տակ­նե­րու պա­րա­գա­յին Շեն­կէ­նի գօ­տի մուտք գոր­ծե­լու հա­մար վի­զա­նե­րու ջնջման նիւ­թը։ Ան­կե­լա Մեր­քէլ վե­րա­հաս­տա­տած է իր կամ­քը՝ ԵՄ-ի եր­կիր­նե­րու եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Գեր­մա­նիոյ ե­րեք նա­հանգ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Գաղ­թա­կա­նաց հոս­քին յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ քուէ­նե­րու կո­րուստ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016