ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական, մշակութային երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցերը։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան այն խնդիրները, որոնք կը վերաբերին Եւրոասիոյ տարածքէն ներս համարկման գործընթացին։ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին կարծիքներ կը փոխանակեն նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը արդիական խնդիրներու շուրջ։ Անոնք առաջնահերթօրէն կ՚անդ-րադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան կը հիւրընկալուի Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառին կողմէ։ Ան հանդիպում մը կ՚ունենայ այդ հեղինակաւոր համալսարանի ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ։
Մոսկուա մեկնելէ առաջ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ EFE սպանական գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան կը փափաքի իր կապերը ա՛լ աւելի ամրապնդել ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի հետ։ Գործակալութեան թղթակիցը Սերժ Սարգսեանին հարց տուած է, որ արդեօք Հայաստան կրնա՞յ նպաստել Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման։ Ի պատասխան ան ըսած է հետեւեալը. «Հայաստան կ՚առաջ-նորդուի իրատեսութեամբ։ Մենք փոքր երկիր ենք, ուստի մեր դերը երբեք չենք գերագնահատեր։ Ըսել, որ մենք կրնանք ըլլալ կապող օղակ մը Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ՝ չափազանցութիւն է։ Ասով հանդերձ մենք մշտապէս կ՚աշխատինք, որպէսզի յաւելեալ խըն-դիրներ չառաջացնենք Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ, որովհետեւ մեր համոզումն է, թէ հակասութիւններէն օգուտ քաղելը շատ վտանգաւոր երեւոյթ մըն է։ Եւ փոքր երկիրներու համար շատ պարագաներու մէջ կրնայ ըլլալ ճակատագրական։ Ելլելով այս հանգամանքէն մենք մշտապէս ինքզինքնիս բարենպաստ կը զգանք, երբ որ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան, Արեւմուտք-Ռուսաստան, ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները լարուած չեն, սա է մեզի համար ամենաընդունելի վիճակը»։
ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Սերժ Սարգսեանի դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընդառաջ, վերջին օրերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ հայ-ռուսական համագործակցութեան շուրջ՝ ակնարկելով նաեւ անոնց Թուրքիոյ վերաբերեալ երեսակներուն։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Վալտայ» միջազգային երկխօսութեան ակումբի արտակարգ նիստին ընթացքին Վիգէն Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին վրայ։ Իր խօսքերով, այդ ռազմակայանին գոյութիւնը լուրջ պատասխան մըն է տարածքշրջանէ ներս Թուրքիոյ կողմէ հաւանական սպառնալիքներուն համար։ Նախարար Վիգէն Սարգսեան անդրադարձաւ Թուրքիա-Ռուսաստան ջերմ յարաբերութիւններուն եւ անոնց Հայաստանի վրայ հաւանական ազդեցութիւններուն։ «Եթէ Ռուսաստան յաջողի ունենալ կանխատեսելի ու հասկնալի Թուրքիա մը, ապա սա կրնայ բխիլ նաեւ Հայաստանի շահերէն», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը պէտք է դիտարկէ, թէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները ինչպէս պիտի անդրադառնան տարածքաշրջանին վրայ։ Վիգէն Սարգսեան «Ռաշա Թուտէյ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ արտայայտեց նման մօտեցումներ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները կրնան ըլլալ աւելի ջերմ կամ աւելի ցուրտ։ Երեւան եւ Մոսկուա իրարու կապուած են ռազմավարական յարաբերութիւններով, հետեւաբար Վիգէն Սարգսեան անբաղդատելի կը նկատէ ռուսական կողմի յարաբերութիւնները թրքական եւ հայկական կողմերուն հետ։ «Այս առումով հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութիւնը արտայայտուած է նաեւ Կիւմրիի ռուսական 102 ռազմակայանի գոյութեան մէջ։ Այդ մէկը տարածքաշրջանէ ներս զսպող գործօն մըն է», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան։