ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՁԵՌՆՏՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է՝ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՇԷՆՔԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով՝ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին շէն­քի ար­ժե­ւոր­ման մա­սին։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու դար­ձան, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ա­պա­հո­ված է ձեռն­տու պայ­ման­ներ եւ անհ­րա­ժեշտ են­թա­գե­տի­նը պատ­րաս­տուած է՝ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծարք մը կնքե­լու հա­մար։

Ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր յի­շե­ցուց, որ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին շէն­քի կար­գա­վի­ճա­կը են­թար­կուած էր փո­փո­խու­թեան։ Պատ­կան մար­մին­նե­րը թոյլ տուած էին՝ որ­պէս­զի այդ շէն­քը դառ­նայ հա­սու­թա­բեր։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­րիէ մը ի վեր Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ ըն­կեր­նե­րը թա­փով աշ­խա­տանք կը տա­նին դպրո­ցի հին շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Երբ ա­ռա­ջին ան­գամ հնչած էր նման մտադ­րու­թիւն մը, Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պար­տա­ւո­րուած էր դի­մագ­րա­ւե­լու ո­րոշ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը հա­մայն­քա­յին լայ­նա­խա­րիսխ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ալ կազ­մա­կեր­պած էր՝ թա­փան­ցիկ եւ բո­լո­րին տե­սա­կէ­տէ հասկ­նա­լի քայ­լե­րով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու նպա­տա­կով։ Ստեղ­ծուած այդ մթնո­լոր­տին մէջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը սկսած էր ա­ռաջ­նոր­դուիլ բա­ցա­ռա­պէս շա­հա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով՝ որ­պէս­զի թա­ղը ու­նե­նայ մշտա­կան եւ կա­յուն ե­կա­մուտ։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Մե­սուտ Էօզ­տե­միր դրա­կան լու­րեր փո­խան­ցեց հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն։ Ան յայտ­նեց, որ թէեւ կամ­քի ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով պար­տա­ւո­րուե­ցան տա­րի մը ժա­մա­նակ կորսնց­նել, սա­կայն բա­ցար­ձա­կա­պէս մտա­դիր չեն ան­գամ մը եւս նման հար­ցի մը դէմ յան­դի­ման մնա­լու։ Ան­ցեալ ա­միս­նե­րուն թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ու­նե­ցած է խտա­ցեալ շփում­ներ եւ կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող ցան­ցի մը հետ հա­սած է սկզբնա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Դպրո­ցի հին շէն­քի կար­գա­վի­ճա­կի փո­փո­խու­թեան հի­ման վրայ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ վար­ձել այդ կա­լուա­ծը։ Տա­տեա­նի հին շէն­քը դար­ձեալ պի­տի ծա­ռա­յէ կրթա­կան նպա­տա­կի։

Մե­սուտ Էօզ­տե­միր ընդգ­ծեց, որ ի­րենք պատ­րաս­տած են ձեռն­տու պայ­ման­նե­րով գոր­ծար­քի մը են­թա­գե­տի­նը։ Այն ցան­ցը, որ պի­տի վար­ձէ կա­լուա­ծը՝ ա­մէն ա­միս 80 հա­զար լի­րա վարձք պի­տի վճա­րէ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խո­րուր­դին եւ ա­ռա­ջին փու­լին մէկ տա­րուան վար­ձավ­ճա­րը պի­տի փո­խան­ցէ կան­խիկ։ Էօզ­տե­միր ընդգ­ծեց, որ դպրո­ցի նոր հա­մա­լի­րի շի­նա­րա­րու­թեան շրջա­նէն մնա­ցած պարտ­քեր ու­նի Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը։ Սա­կայն, հիմ­նա­կան հար­ցը այդ պարտ­քը չէ։ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը չի կաս­կա­ծիր, որ մեր բա­րե­րար­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան դի­մե­լով կրնայ այդ պարտ­քը փա­կել։ Բայց եւ այն­պէս, հիմ­նա­կան խնդի­րը այն է, որ նոր հա­մա­լի­րի կա­ռու­ցու­մէն վերջ թա­ղի ըն­թա­ցիկ ծախ­սե­րը ա­ւե­լե­ցած են։ Ա­ւե­լի՛ն, այդ նոր հա­մա­լի­րը պէտք է ար­ժե­ւո­րուի՝ մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման ձե­ւով։ Ներ­կա­յիս Տա­տեան վար­ժա­րա­նը ու­նի շուրջ 400 ա­շա­կերտ եւ ա­նոնց ուս­ման մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման հա­մար, հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գի­տա­կան ծրագ­րեր կեան­քի կո­չե­լու հա­մար թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ի վի­ճա­կի չ՚ըլ­լար կա­նո­նա­ւոր, հե­տե­ւո­ղա­կան մի­ջոց­ներ յատ­կաց­նե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, Մե­սուտ Էօզ­տե­միր բա­ցատ­րեց, որ ի­րա­տես քայ­լե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին ներ­կայ դժուա­րին փու­լին մէջ։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը հա­մո­զուած է, որ դպրո­ցի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան­նե­րէն մին է ելմ­տա­կան կա­յուն ե­կա­մուտ­նե­րու ե­րաշ­խա­ւո­րուած ըլ­լա­լը։

Այս բո­լո­րին հի­ման վրայ, Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքել, վար­ձա­կա­լա­կան պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րել վե­րո­յի­շեալ ցան­ցին հետ։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՏՐԱԶԵՐԾ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միր VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց շատ կա­րե­ւոր խնդրի մը վրայ։ Ան գրե­թէ ա­հա­զանգ հնչե­ցուց, որ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը կորսնց­նեն ի­րենց տրա­զերծ կար­գա­վի­ճա­կը, ինչ որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կրնայ շատ լուրջ բար­դու­թիւն­ներ ծնիլ թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Ե­սա­յի Տե­միր յի­շե­ցուց, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն մեր զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ա­ռան­ձին ձե­ւով ան­ցած են պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու քննու­թե­նէն։ Այդ քննու­թիւն­նե­րուն ընդ­հա­նուր ար­դիւն­քը հետզ­հե­տէ են­թա­գե­տին մը կը ստեղ­ծէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ընդ­հա­նուր կար­գադ­րու­թիւն­ներ սահ­մա­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Մեր երկ­րէն ներս կա­տա­րուած վեր­ջին օ­րէնսդ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ալ ազ­դե­ցու­թիւ­նով՝ պատ­կան մար­մին­նե­րուն մօտ հետզ­հե­տէ կը ձե­ւա­ւո­րուի այն մօ­տե­ցու­մը, թէ մեր հա­մայն­քի (փոք­րա­մաս­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կով) վար­ժա­րան­ներն ալ կրնան դա­սուիլ տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ­ներ (iktisadi işletme)։ Ե­սա­յի

Տե­միր նշեց, որ այս խնդի­րը կը վե­րա­բե­րի թէ՛ մեր դպրոց ու­նե­ցող թա­ղե­րուն եւ թէ կա­լուած­նե­րով հա­րուստ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, ա­ռե­րե­ւոյթ, խնդիր­նե­րը կը վե­րա­բե­րին մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու ծնո­ղաց կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն։ Ա­նոնք հա­շուի առ­նե­լով ե­կամ­տա­հարկ կրնայ սահ­մա­նուիլ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ յե­տըն­թաց տու­ժեր (պա­տիժ) կրնան սահ­մա­նուիլ՝ տո­կոս­նե­րով հան­դերձ։ Ու­րիշ խնդիր մըն ալ կայ՝ եւս լուրջ բնոյ­թով։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու հա­սոյթն ալ կրնայ են­թար­կուիլ ե­կամ­տա­հար­կի եւ ե­թէ այդ պա­րա­գա­յին յե­տըն­թաց հա­շուարկ­նե­րով նա­խա­տե­սուած տու­ժե­րուն վրայ բար­դուին տո­կոս­նե­րը՝ ա­պա մեր հա­մայն­քը նիւ­թա­կան ա­ռու­մով շատ ծանր բե­ռի մը դէմ յան­դի­ման կրնայ մնալ։

Ե­սա­յի Տե­միր այս խնդի­րը նկա­տեց չա­փա­զանց լուրջ եւ յայտ­նեց, որ դպրոց կամ կա­լուած ու­նե­ցող մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­նե­րը փու­թով պէտք է միտք մտքի տան, հա­մա­տեղ խտա­ցեալ աշ­խա­տանք ծա­ւա­լեն՝ որ­պէս­զի պատ­կան մար­մին­նե­րուն կա­րե­լի ըլ­լայ բա­ցատ­րել, թէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ու­նին բա­րեն­պա­տակ բնոյթ, տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ­ներ չեն, հե­տե­ւա­բար ա­նոնց հա­մար ի զօ­րու պէտք չէ դառ­նան նման կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը։

ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման հար­ցե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս խնդի­րը լուրջ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Սա ընտ­րու­թիւն­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս վար­չա­կան կա­յու­նու­թեան ա­ռու­մով ա­ռանց­քա­յին հարց մը կը հա­մա­րուի։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր VADİP-ի ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին գրե­թէ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ այս հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ան յա­մա­ռօ­րէն կը մատ­նանշէ, թէ մին­չեւ որ այս խնդի­րը չու­նե­նայ բար­ւոք լու­ծում մը, մեր հա­մայն­քը պի­տի չկա­րե­նայ յաղ­թա­հա­րել ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդրին թնճու­կը։ Սա ի զօ­րու է թէ՛ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան եւ թէ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան հա­մար։

Այս նիւ­թին շուրջ վեր­ջին շրջա­նին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէ­քի եւ խումբ մը ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Նոյն­պէս այս նիւ­թին վրայ աշ­խա­տած է նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի նախ­կին ա­տե­նա­պետ Է­րօլ Սե­հե­րեըլ­տը­զը։ VADİP-ի ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին այս նիւ­թին շուրջ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ լու­սա­բա­նեց Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք, որ հա­մա­կարգ­չա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղե­ցի­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու թար­մաց­ման, վե­րա­կանգն­ման հա­մար պատ­րաս­տած է են­թա­գե­տին մը։ Ան յայտ­նեց, թէ իր գլխա­ւո­րու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան նպա­տակ­ը ե­ղած է՝ կրկնա­կի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ կրկնա­կի քուէար­կու­թիւն­նե­րու կան­խու­մը։ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք յայտ­նեց, թէ հա­մա­կար­գը նա­խա­տե­սուած է իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռան­ձին գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար, սա­կայն ե­թէ տա­րուի ո­րոշ աշ­խա­տանք մը՝ ա­պա ան­կա­րե­լի չէ նաեւ ցան­ցի մը ստեղ­ծուի­լը։ Ան ո­րոշ են­թադ­րու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղո­վա­կան­նե­րու ու­շադ­րու­թեան՝ մատ­նան­շե­լով նաեւ ժամ­կէտ­նե­րու, այդ­պի­սի ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կի խնդիր­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս վե­ցամ­սեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը կը նա­խա­տե­սուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար՝ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ այս տե­սան­կիւ­նէն։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­մէն ինչ ըն­թա­նայ նա­խա­տե­սուած հու­նին մէջ, ե­թէ նոյ­նիսկ մեր բո­լոր թա­ղե­րը նման գոր­ծի մը ձեռ­նար­կե­լու ճա­նա­պար­հին ցու­ցա­բե­րեն մեծ ե­ռանդ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի, ա­պա յա­մե­նայն­դէպս վեց ամ­սուան ժամ­կէ­տը կրնայ ան­բա­ւա­րար ըլ­լալ ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Իր կար­գին, VADİP-ի դի­ւա­նի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըն ալ, դի­տել տուաւ, որ կը նա­խա­տե­սեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պաշ­տօ­նի կո­չել ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ո­րոնք եւս կրնան զա­նա­զան մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն հետ շփուե­լով նպ­աս­տել ցու­ցա­կագր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան գու­մա­րեց իր հեր­թա­կան ժո­ղո­վը Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Նիս­տը գըլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ Ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կար­գով ժո­ղով մըն էր այս մէ­կը։

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն Սե­ւան Շէ­շէ­թեան օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ նաեւ այլ կա­րե­ւոր հարց մը։ Այս­պէս, ան ընդգ­ծեց, որ Պո­մոն­թիի Մխիթա­րեան վար­ժա­րա­նէն ներս Շա­բաթ օ­րե­րը կը կազ­մա­կեր­պուին հա­յե­րէ­նի միօ­­րեայ դա­սըն­թաց­քներ։ Սե­ւան Շէ­շէ­թեան մտա­հո­գու­թեամբ ընդգ­ծեց այս հան­գա­ման­քը։ Ար­դա­րեւ, այս քայ­լը կրնայ հու­նէ դուրս բե­րել մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ա­ռու­մով։ Այս­պի­սի թե­րի ծրագ­րե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս խրա­խոյս մը չեն կրնար ըլ­լալ՝ որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քի դպրո­ցա­հա­սակ զաւկի տէր ծնող­նե­րը նա­խընտ­րեն ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը ու­ղար­կել հայ­կա­կան վար­ժա­րան։ Ներ­կա­յիս ար­դէն լուրջ հո­սանք մը առ­կայ է՝ ե­րի­տա­սարդ ծնող­նե­րու կող­մէ ի­րենց ե­րա­խա­նե­րու պա­րա­գա­յին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ չնա­խընտ­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Պո­մոն­թիի Մխիթա­րեան վար­ժա­րա­նէն ներս առ­նուած այս ան­հե­ռա­տես քայ­լը կրնայ ա­ւե­լի խո­րաց­նել սոյն հար­ցը։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը բաժ­նե­ցին Սե­ւան Շէ­շէ­թեա­նի մտահո­գու­թիւ­նը։ Պո­մոն­թիի Մխիթա­րեան վրժ.ի մա­տա­կա­րար մարմ­նէն ոե­ւէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ չէր մաս­նակ­ցած նիս­տին՝ պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն։ Ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ, որ VADİP-ի կրթա­կան յանձ­նա­խումբն ալ ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չէ ու­նե­ցած սոյն կար­գադ­րու­թեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2017