ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ՝ հայ եմ: Առաւել եւս, Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ, անոնց ցեղակիցն եմ»:
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ
Պատմութիւնը հայունն է: Այս պարագային՝ Թուրքիոյ հայուն եւ երեւի՝ պոլսահայ իրականութեան: Եւ ասիկա հայուն հարուստ պատմութիւններէն մէկն է՝ նկատի ունենալով, որ հայկական Պոլիսը որքա՛ն մեծ աւանդ ստեղծած է հայկական գրական, մշակութային, կրթական եւ ազգային ժառանգութեան մէջ:
Պոլիս, 12-17 յունուար 2020: Հայկական Պոլիսը այնքան «լեցուն» է, որ ձանձրանալու ժամանակ չկայ: Ի՛նչ խօսք, որ նոյնքան նաեւ կարելի չէ յագենալ անկէ: Անկախ՝ թէ որքա՛ն յաճախականութեամբ է, որ այցելած ես այդտեղ, բայց միշտ «հարստութիւն» մը կայ հոն եւ հայկական շունչ, որ պիտի ուզես տեսնել եւ ընկալել:
Բերայի հայ աւետարանական եկեղեցին առաջին հայ աւետարանական եկեղեցին է, որ հիմնուեցաւ նոյն շարժումի ստեղծումէն անմիջապէս ետք՝ յուլիս 1846-ին, Պոլիս: Եկեղեցին կը պահէ իր հին եւ երբեմնի կառոյցը, ինչպէս որ հիմնուած էր: Այս իմաստով, կ՚ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը նուազած է գաղթի ու ճամբորդութիւններու պատճառով, բայց կայ տակաւին առաքելութեան կառչելու յանձնառութիւնը: Սոնա Էօզբենպէ եկեղեցւոյ քարոզիչն է: Եթէ պաշտամունքը երկլեզու է՝ հայերէն եւ թրքերէն, բայց, ի՛նչ խօսք, որ հոգին հոն է… հայութեան մէջ: Ունին կարօտը հաղորդակցութեան, եւ ի մասնաւորի՝ դուրսի գաղութներուն հետ: Կրնայի տեսնել, թէ իմ այցելութիւնս քաջալերանք է, բայց նաեւ՝ կորով տալու փորձ, որ իրենք մինակ չեն:
Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տունը» եւ իր «Ակօսե թերթի նախկին գրասենեակին մէջ զգացական, բայց նաեւ վաւերական պատմութիւն է: Արդէն շէնքի մուտքին՝ գետինը, կայ յիշատակի գրութիւն մը, թէ՝ «Այստեղ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը»: Եւ իւրաքանչիւր նկար, խօսք, գրութիւն եւ վաւերագրական ժապաւէն՝ Հրանդ Տինքի մասին, պատմութիւնն է հայուն, որ պայքարած է իր ինքնութեան եւ արժանահաւատութեան համար: Հրանդ կը գիտակցի, որ երկրին քաղաքացին է՝ «քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան», բայց գիտէ նաեւ, որ ինք «հայ է»: Այն հայը, որ անջատուած չէ իր հայրենիքէն եւ ո՛չ ալ իր ցեղակիցներէն, որոնք աշխարհով մէկ տարածուած են: «Միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն եմ, անոնց ցեղակիցը»:
Դարձեալ կը մտածես: Հայ ենք՝ տարածուած աշխարհով մէկ: Եւ այս ալ մեր պատմութեան պարտադրած իրավիճակն է: Տարբեր ենք եւ եղանք, բայց օտար չենք, որովհետեւ մեր հայկական ինքնութիւնը մեզ վերածած է «մէկ մասնիկ»ի: «Ցեղակից»ի:
Կեդրոնական վարժարանին մէջ եմ: Կրթական օճախ մը, որ պատրաստած է հայ ժողովուրդի մտաւորական, գրող, մանկավարժ եւ ազգային ու հասարակական շատ մը գործիչներ: Չուշացաւ իմ փափաքս՝ յայտնելու տնօրէն Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանին, որ դարձեալ կ՚ուզեմ տեսնել դպրոցին սրահը: Հոն են մեր բոլոր «մեծերը»: Իրենց նկարներով: Բայց նաեւ հոն են անոնց հոգին ու շունչը, որոնք ապրած են ու տակաւին կ՚ապրեցնեն: Ինչպէս նաեւ՝ մշակութային-գրական այն մեծ ժառանգութիւնը, որ ձգեցին մեզի՝ իւրաքանչիւր հայուն: Երուխանը, Միսաք Մեծարենցը, Արամ Հայկազը, Արշակ Չօպանեանը՝ բոլորը… Բայց սրահին անկիւնը մասունքի մը նման պահուած է Կոմիտաս Վարդապետին դաշնակը: «Մեծ հանդիսութեամբ յիշատակեցինք Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը», ըսաւ Սիլվան:
Նաթալի Պաղտատը, Տիանա Պուլտուքը եւ Մուրազ Սարանկիլը Կեդրոնական վարժարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչներն են: Երեքն ալ՝ երիտասարդ հայորդիներ, որոնք մեծագոյն նուիրուածութեամբ կը սորվեցնեն մայրենին: Քաջալերական էր տեսնել, որ երիտասարդ ուժեր ստանձնած են մայրենիով դաստիարակութիւնը: Խօսեցանք մայրենիի դասաւանդումին եւ հայոց լեզ-ւի խօսակցութեան նահանջին ու հայապահպանումին եւ տակաւին զանազան մարտահրաւէրներու մասին՝ Թուրքիոյ իրականութիւններուն լոյսին տակ: Յստակ է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը ունի իւրայատկութիւններ: Եւ ճիշդ չէ Թուրքիոյ հայկական իրականութեան նայիլ մեր արտաքին աշխարհի ըմբռնումներէն եւ պրիսմակէն: Տարբեր է շատ բան: Կեանքը, մթնոլորտը, կացութիւնը, պայմանները, տուեալները եւ տակաւին՝ քաղաքական-ընկերային կարգավիճակները: Խօսեցանք այս բոլոր երեւոյթներուն մասին: Բայց այդ բոլոր իւրայատկութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մէջէն Նաթալին էր, որ իր երիտասարդ վճռական հայեացքով դրաւ իր համոզումը. «Բայց հայ ենք»:
«Հայ մամուլէն մինչեւ այսօր տակաւին չեմ կշտացած»:
Ռոպէր Հատտէճեանը ունի երկար տարիներու վաստակ՝ իբրեւ խմբագիր, գրող ու հրապարակագիր՝ «Մարմարա»ի: «Արդէն իննսուն տարիքը անցայ,- ըսաւ ան:- Ֆիզիքականս ատենը մէյ մը կը յիշեցնէ իմ տարիքս», ժպիտը իր դէմքին եւ ուրախ տրամադրութեամբ մը շարունակեց իր զրոյցը:
Ռոպէր Հատտէճեանը շատ երկար ճամբայ կտրած է հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան առաքելութեան մէջ: Շատ ապրած եւ տեսած է… Բայց մանաւանդ ականատես եղած է թրքահայ իրականութեան եւ անոր բոլոր մտահոգութիւններուն: Ան կը գիտակցի, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Բայց «կարելի է միտքդ եւ մտահոգութիւնդ տարբեր ձեւերով արտայայտել ու վերջաւորութեան ըսել այն, ինչ որ կ՚ուզէիր ըսել», ըսաւ ան՝ նոյն ժպիտը եւ ուրախ տրամադրութիւնը դէմքին վրայ: Ռոպէր Հատտէճեան հաղորդական մարդ է եւ իր հաղորդականութեան մէջ շատ բան կայ սորվելիք: Պէտք է սորվիլ մեր երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն փորձառութենէն եւ անոնց տեսադաշտերէն:
Արա Գօչունեանը երիտասարդ հայ մտաւորական-խմբագիր է, որ լաւապէս կը դրսեւորէ նոր սերունդի եւ ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան կառչելու գիտակցութիւնը: Ան ժառանգորդն է հայկական օրաթերթի մը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ անոր աւելի քան հարիւր տարիներու աւանդին, օրաթերթ մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է հայկական մամուլի եւ հրապարակագրութեան պատմութեան մէջ՝ Թուրքիա եւ աշխարհով մէկ: Եւ Արային համար եթէ կան մարտահրաւէրներ, բայց հայ ինքնութիւնը եւ անոր պատմութեան շարունակականութիւնը վեր են ամէն տեսակի հաշուարկէ եւ գրաւականէ: Այս իմաստով, Արան կեցած է ամուր պատնէշի վրայ:
«Հայ կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր մարդ»: Գերապայծառ Լեւոն Զեքիեանն է Թուրքիոյ մէջ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը: «Մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Պոլսոյ մէջ», ըսաւ ան: Գերապայծառը ծանօթ կղերական է, բայց նաեւ մտաւորական մարդ, որուն իմաստասիրական-փիլիսոփայական ու աստուածաբանական վաստակը մեծ է: Կրթական գործին կառչած է եւ կը հաւատայ հայ դպրոցին առաքելութեան՝ Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր: Հայ կաթողիկէ համայնքը Թուրքիոյ մէջ ունի պատմութիւն՝ միջին դարերէն սկսեալ: Եւ գերապայծառը այդ նոյն պատմութեան շարունակականութեան հաւատացողն է ու կառչած՝ անոր առաքելութեան:
«Այս հիւանդանոցը քաղաքին լաւագոյններէն է»: Թուրք վարորդն էր, որ զիս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցէն հասցուց պանդոկ: «Հայկական է եւ բժշկական շատ լաւ կարելիութիւններ ունի», եզրակացուց ան, երբ ինքնաշարժէն վար իջայ:
Սուրբ Փրկիչը միայն հիւանդանոց չէ: Անիկա պատմութիւն է, որ տակաւին կ՚ապրի եւ կը վկայէ: Թանգարանը, եկեղեցին, բժշկական սարքաւորումները, տարեցներու պատսպարանը եւ տակաւին՝ գեղեցիկ պարտէզները: Հայուն պատմութիւնը կերտած բոլոր հայ պէյերը եւ ամիրաները իրենց նկարներով կը լեցնեն հայու հոգին: Կը նայիս իւրաքանչիւր նկարին եւ կրնաս տեսնել անոնց տեսիլքը, բայց մանաւանդ՝ անոնց հաւատքը: Հաւատքը՝ հայուն պատմութեան: Հայու կեանքը ապրելու, գոյատեւելու եւ անոր պատմութեան շարունակականութեան: 1830 թուականին հիմնուած, բայց եւ այնպէս ամուր կառչած՝ կը շարունակէ այս հիւանդանոցը՝ կերտելու համար հայուն պատմութիւնը:
Հայուն պատմութիւնը: Իմ եւ մեր իւրաքանչիւրին պատմութիւնը: Կը փորձեմ ապրիլ Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տուն»ը: Ինք չկայ: Բայց կայ իր «տուն»՝ իր կեանքը: Իր ապրած իւրաքանչիւր փորձառութիւնը, որ կերտած է պատմութիւնը… Հայուն պատմութիւնը:
Եթէ Հրանդ Թուրքիոյ քաղաքացին է, ես ալ Լիբանանի եւ Կիպրոսի քաղաքացին եմ: Եւ չեմ ալ գիտեր, թէ իմ երկրային կեանքիս մէջ պիտի ստանա՞մ երրորդ քաղաքացիութիւն:
Բայց կը շարունակեմ: Եւ Հրանդը՝ «Հայ եմ…»: Ու տակաւին Նաթալին՝ «Բայց հայ եմ…»: Եւ իւրաքանչիւր պատմութիւն, որ տեսայ եւ ապրեցայ Պոլսոյ մէջ… «Հայ եւ հայկական էր»:
Եւ եթէ տակաւին լիբանանցի ու կիպրացի եմ, բայց «հայ եմ», եւ բոլորս հայ ենք: Եւ մեր բոլոր «տարբերութիւններուն» մէջէն՝ «օտար» չենք: Այլ բոլորս ալ «Հայաստանի ու Արցախի եւ աշխատարած հայկական սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն ենք, ցեղակից ենք»:
Եւ այս «մասնիկ»ը՝ «ցեղակցութիւն»ը, իմ-մեր եւ հայուն պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի եւ պիտի…
Հայկական մտահոգութիւնները շատ են: Մարտահրաւէրները՝ բաւական: Պոլիս ու տակաւին քիչ մը ամբողջ հայկական իրականութեան մէջ:
Բայց կայ պատմութեան շարունակականութիւնը: Իմ եւ իւրաքանչիւր հայու պատմութեան շարունակականութիւնն է: Եւ պիտի շարունակուի, որովհետեւ…
Բոլորս հայ ենք:
Պոլիս եւ աշխարհով մէկ:
Եւ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը կը յաջողի, երբ բոլորս կը շարունակենք ապրիլ գիտակցութիւնը,
Որ՝ «հայ ենք…»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ