ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՕԼԱՖ ՇՈԼՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Անցեալ տարեվերջին պաշտօնի ձեռնարկած շանսէօլիէն առաջին անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ կը հիւրընկալուի Օլաֆ Շոլց, որու այցը միօրեայ է։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Էրտողան եւ Շոլց առաւել չափով կանգ կ՚առնեն Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վրայ, նաեւ կ՚անդրադառնան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022