ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։ Անգարա-Աթէնք առանցքի վերջին շրջաններու իրերայաջորդ ցնցումներէն վերջ, այս գագաթնային հանդիպումը երկու հարեւաններու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու տեսակէտէ կը նկատուի շատ կարեւոր։ Վոսփորի Ասիական ափին, «Վահտետտին» ապարանքէն ներս երկու ղեկավարները ճաշասեղանի շուրջ մօտաւորապէս երկու ժամ զրուցեցին գլուխ գլուխի։ Անոնք համամիտ գտնուեցան, թէ անհրաժեշտ է Անգարա-Աթէնք յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Էրտողան եւ Միցոթաքիս, երկկողմանի յարաբերութիւններու առընթեր, շօշափեցին արդի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները, տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները՝ ներառեալ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Միցոթաքիս արձանագրեցին, որ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի վրայ կատարուած յարձակումները փոփոխութեան ենթարկած են Եւրոպայի անվտանգութեան ճարտարագիտութիւնը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Յունաստանին կը վիճակի մասնաւոր պատասխանատուութիւն։ Ուստի, երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդումը, դրական օրակարգի վրայ կեդրոնացումը նպաստներ պիտի բերեն փոխադարձ ու տարածաշրջանային առումով։ Հետեւաբար, հակառակ առկայ տարաձայնութիւններուն, կողմերը համակարծիք գտնուեցան, որ հաղորդակցութեան միջոցները պէտք է բաց պահուին եւ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւուին։ Երկու ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին նաեւ Թուրքիա-Յունաստան առեւտուրի ծաւալը 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու ուղղութեամբ։

Էրտողան յիշեցուց Թուրքիոյ կողմէ առնուած դրական քայլերը։ Եգէականի վերաբերեալ հարցերը, փոքրամասնութիւններու պարագան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ապօրինի գաղթը կը հանդիսանան այն բնագաւառները, ուր յառաջխաղացման արձանագրումը կրնայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ զարգացում ապահովել։ Էրտողան համոզուած է, թէ առկայ խնդիրները կրնան լուծուիլ անկեղծ երկխօսութիւնով։ Որպէս հարեւաններ՝ կողմերը պէտք չէ խօսին միայն տագնապի ժամանակներուն, այլեւ՝ միշտ։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022