ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻԼ ԳՈՐԾՈՎ

Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ «Ապագայ հայկականը» համաժողովը, որու շրջանակներէն ներս ծաւալուած եռօրեայ բազմակողմանի աշխատանքի արձագանգները կը շարունակուին։ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեան համաժողովի օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ. «Կը յուսամ, թէ Արցախը կ՚ինքնորոշուի եւ արցախցիները իրենք կ՚որոշեն իրենց ապագան։ Կը յուսամ, թէ օր մը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը կը դրուի տարբեր ազգերու կողմէ եւ արցախցիները կը կարողանան իրենց ապագան կերտել իրենց ձեռքով»։

Համաժողովի փորձագիտական յանձնախումբի անդամներէն, լրագրող-հրապարակագիր, յայտնի քաղաքական մեկնաբան Արամ Աբրահամեանն ալ համաժողովի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ «Հայաստանակեդրոն ըլլալ կը նշանակէ՝ Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններուն շուրջ համախմբուիլ։ Խնդրեմ ինձ հաւատացէք. եթէ չըլլայ Արցախի պետականութիւնը, չ՚ըլլար հայկական պետականութիւն։ Ինձ համար սա տեսութիւն է», յայտնեց Արամ Աբրահամեան։

Ելոյթին տեւողութեան Արամ Աբրահամեան խորհրդածութիւններ ըրաւ այն հարցին շուրջ, թէ ո՞վ է հայը։ «Անկախ արեան բաղադրութենէն, անկախ թէ ան զերօ տոկոս էթնիք հայ է կամ հարիւր տոկոս էթնիք հայ, հայը այն մարդն է, որ պատրաստ է մասնակցիլ հայկական օրակարգերուն, որոնք տարբեր են ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ, ընդհանրապէս, որեւէ հայկական օրակարգի համար։ Մենք ունինք հարիւր տոկոսով հայեր, որոնք որեւէ բանի չեն մասնակցիր եւ կան այլազգի մարդիկ, որոնք մէկ տոկոսով իսկ հայ չեն, բայց կը մասնակցին։ Ի՞նչ է Հայաստանը։ Հայաստանը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, Արցախի Հանրապետութիւնն է։ Եւ սա այն է, որ ոեւէ հայ կը համարէ իր հայրենիքը», ըսաւ ան։

Աւելի վերջ Արամ Աբրահամեան խորհրդածութիւններ ըրաւ այն մասին, թէ ի՞նչ է սփիւռքը։ Աբրահամեան բացատրեց, թէ սա կառոյց մը չէ, որ կրնայ դառնալ ներկայացուցչութիւն մը, որու հետ Հայաստանն ու Արցախը կրնան շփուիլ՝ որպէս պետութիւն։ «Սփիւռքը կառոյցներու համակցութիւն մըն է։ Այն խաչը, որ մենք կը կրենք, իմ ենթակայական մօտեցմամբ, կը վկայէ ո՛չ միայն հաւատի, այլեւ խումբի մը անդամ ըլլալու մասին։ Որովհետեւ հայերու մեծամասնութիւնը մկրտուած է՝ որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ», ըսաւ Արամ Աբրահամեան եւ կանգ առաւ նաեւ հայապահպանման հարցերուն վրայ։ Ան շարունակեց.

«Հայաստանի մէջ ապրող բոլորիս համար սա պէտք է ըլլայ ազգային արժանապատուութեան խնդիր, որուն համար որեւէ ջանք պէտք չէ խնայենք։ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի սա պէտք է համարէ իր պայքարը։ Սա նոյն բանն է հայոց  բանակ ունենալու, Հայաստանի մէջ հարկեր վճարելու կամ Հայաստանի օրէնքներուն ենթարկուելու հետ։ Պէտք է իմանալ տեղը այն մարդոց, որոնք ինքզինքնին հայ կը զգան, որոնք կան սփիւռքի մէջ եւ տարբեր մասնագէտներ են։ Պէտք է իմանալ, թէ ո՛ւր կը գտնուի այն ճարտարապետը, ֆիզիքոսը, քիմիագէտը, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու մասնագէտը, որ պատրաստ է նպաստել երկրի բարգաւաճման։ Շատ կ՚ըսեն, որ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը միասնականութեան մէջ է, բայց, իրականութեան մէջ, հաւաքական ուժի մէջ է։ Միասնականութիւն կ՚ենթադրէ միեւնոյն ձեւով մտածել։ Մենք պէտք է հաւաքական ուժ մը ըլլանք, զանազան ձեւերով մտածող մարդոց խումբ մը։ Միայն սկզբունքները միասնաբար պէտք է մշակուին»։

Իր խորհրդածութիւններուն մէջ Արամ Աբրահամեան կարեւորեց գործը՝ որպէս միաւորիչ գործօն։ «Իրաւամբ, շատ կը խօսուի հայաստանցիներու եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն միջեւ փոխադարձ անվստահութեան մասին։ Փոխադարձ անվստահութիւնը կը յաղթահարուի գործով։ Երբ մենք գործ մը կ՚ընենք, կ՚երթանք այն յստակ մարդոց եւ յստակ կազմակերպութիւններուն, որոնք կրնան գործ մը ընել։ Եւ այդ միասնաբար կատարուած գործը երբ յաջողութեան հասնի, կը կոտրուի անվստահութիւնը։ Իսկ միայն խօսելով անվստահութիւնը չի յաղթահարուիր եւ վստահութիւն չի ստեղծուիր», եզրափակեց Արամ Աբրահամեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023