ՀՐԱՏԱՊ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Մինչ Լաչինի միջանցքը փակ եւ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ կը գտնուի, Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կը ջանայ լուծում մը ապահովել ստեղծուած ծանր իրավիճակին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի առկայ մարդասիրական տագնապը։ Փաշինեան անդրադարձաւ մարտի 5-ին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն։ Վարչապետը կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսաստանի հասցէական արձագանգը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։
Ըստ Քրեմլինի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, զրոյցի տեւողութեան դիտարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման, տարածաշրջանէն ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու վերականգնման եւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման ուղղեալ քայլերը։ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկման ժամանակ Փութին ընդգծեց բոլոր խնդիրներու շինիչ կերպով լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ ռուս խաղաղապահներու հետ կողմերու սերտ շփման եւ համագործակցութեան պայմաններու ներքեւ։
Մինչ հրատապ սպասումները միշտ կը վերաբերին Լաչինի միջանցքի փակ մնալուն եւ Արցախի պաշարման, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները հանդիպման համար հրաւիրած է Պաքու։
Հարկ է յիշեցնել, որ ներկայ ամսուան սկիզբին Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցած էին՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ։ Այժմ, Ատրպէյճան կ՚առաջարկէ յառաջիկայ օրերուն կազմակերպել երկրորդ հանդիպումը, այս անգամ Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Ատրպէյճան կը նախատեսէ քննարկել «վերահամարկման» օրակարգը եւ Արցախի մէջ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացումը։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը Պաքուի ներքին խնդիրն է։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտարարած էր, որ Հայաստան հետաքրքրուած չէ Լաչինի միջանցքի թափանցիկ աշխատանքով։ Ատրպէյճան վերջին օրերուն հրադադարը խախտելով Արցախի վրայ կրակած է, շաբաթավերջին ընդհատած է նաեւ դէպի Արցախ կազամատակարարումը։ Պաքուի պաշտօնատարները այս իրավիճակին մէջ միշտ կը պնդեն, որ Լաչինի միջանցքէն ականներ ու զինամթերք կը տեղափոխուին դէպի Արցախ։
Պաքուէն Ստեփանակերտ հասած այս հրաւէրին նախորդած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի տարածաշրջան այցելութիւնը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահն է։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը Պաքու եւ Երեւան այցելելէ վերջ, տարածաշրջանային ուղեւորութեան ծրագիրը աւարտելէ ետք դարձեալ այցելած էր Պաքու՝ երկրորդ հանդիպում մը ունենալու համար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ան այդ հանդիպման վերագրած էր մեծ կարեւորութիւն։
Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու Պաքու հրաւիրման ընդառաջ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնած էր նաեւ, որ Ատրպէյճանի նախագահը բազմիցս նշած է, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ հարցերը պէտք է առանձին լուծուին ու կապուած չըլլան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերաբերեալ հարցերուն։ Իր խօսքով՝ Երեւան ի սկզբանէ փորձած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ներառել խաղաղութեան գործընթացին մէջ, սակայն այդ մօտեցումը անընդունելի է Պաքուի համար։ Այսպէս, Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի որոշուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան։
Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ վերջին օրերուն «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր հետեւեալը. «Հայաստան չէ քննարկած Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի համարկման հարց»։ Ըստ Գրիգորեանի, ամէն ինչ խօսուած է հրապարակային։ Այդ քննարկումները իրաւունքի եւ անվտանգութեան մասին են, միջազգային պայմանաւորուածութիւններն ալ այդ ուղղութեամբ էին։ Ուստի, այդ պայմանաւորուածութիւնները պէտք է ի կատար ածուին, այսինքն իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը միջազգային դրութեան շրջանակներուն մէջ պէտք է ըլլան։
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Պաքուէն հնչած հրաւէրին։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած հանդիպումը տեղի կրնայ ունենալ միայն Ռուսաստանի խաղաղապահներու միջնորդութեամբ։