ՉԻՆԱԿԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի: Ո՛չ միայն միջնորդութիւն, այլեւ քաջալերանք կ՚ենթադրէ ստորագրութեան վայրը:

Չինաստան նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացին մէջ առ այս պահը տնտեսական բեւեռի կարգավիճակ ունի: Տակաւին ռազմաքաղաքական առումով բեւեռայնացումի քայլեր չեն երեւիր մոլորակի տարբեր աշխարհագրական միջավայրերուն մէջ: Թայւանի հանգոյցը եւ անկէ ետք Միացեալ Նահանգներու երկինքին վրայ երեւցած չինական արբանեակները այդ հարթութեան անցումի նախադրեալներ կրնան սեպուիլ:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման բախումներուն մէջ յստակ կ՚երեւի, սակայն, ամերիկեան անհանգստութիւնը նոր ռազմավարական առանցքի կազմութեան նախադրեալներուն ի տես: Այդ առանցքը Չինաստանէն սկսեալ անցնելով Հնդկաստան, կ՚անցնի Ռուսաստանէն եւ կը հասնի Իրան: Այս առանցքը կ՚ունենայ ճիւղաւորումներ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ եւ կրնայ ներգրաւել ամերիկեան քաղաքականութեան հակադրուած պետութիւններ:

Նոր բեւեռը ուրեմն հիմա կը միջնորդէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: Երանգներ կան այստեղ եւ քաղաքականօրէն, անշուշտ, ճիշդ չ՚ըլլար իւրաքանչիւրը միագոյն ընկալելու մօտեցումը: Իրան կ՚ապաշրջափակուի դանդաղօրէն՝ Ռուսաստանի արագ մեկուսացման աշխարհաքաղաքականութեան դիմաց: Մինչ Ռիատ դանդաղ քայլեր կ՚առնէ Ուաշինկթընէն հեռանալու վարքագիծ որդեգրելով:

Երկուքին պարագային նշուած գործընթացները դանդաղ են: Այդ գործընթացներու վերահսկողութեան ղեկը ստանձնելու գործողութիւնն է, որ Չինաստան կ՚իրականացնէ այս ձեւով:

Հիմա, քիչ մը հայկական ոսպնեակով փորձենք հեռուէն դիտարկել իրադարձութիւնը: Իրան՝ յատկապէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի կառուցման ամենէն վճռական խոչընդոտողն է: Կը դիմագրաւէ, սակայն, իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ օտար ուժերու տեղակայման վտանգը: Իսրայէլի զինումը Ատրպէյճանը եւ անոր սպառազինութեան տեղակայումը Իրանի մերձակայ տարածքներու վրայ, անվտանգային օրակարգի վերածուած է հրատապօրէն: Հայաստան ո՛չ միայն Իրանի մերձաւոր իր աշխարհագրութեամբ, այլեւ տնտեսական առումով կարեւորագոյն պատուհան է ապաշրջափակուող Իրանին համար: Ահա այստեղ է, որ այժմէական նշանակութիւն կ՚ունենայ Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը՝ Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով-Եւրոպա կենսաճանապարհով: Ծոցը ոչ-հեռու կտրուածքով կրնայ տնտեսական հարթակ դառնալ նաեւ Ռիատ-Թեհրան համագործակցութեան՝ դէպի նոյն ճանապարհով ծաւալային արտահանումներու:

Ռիատ մինչ այժմ չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Երեւանի հետ: Այս հարցը, սակայն, ապրած է դանդաղ հոլովոյթ։ Անգարայի հետ Ռիատի յարաբերութիւններու վատթարացման զուգահեռ՝ սաստկացան ցեղասպանութեան մասին համաարաբական բարձրաձայնումները՝ ղեկավարուած Ռիատէն: Սէուտական Արաբիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները սկսան շնորհաւորել զիրար՝ երկիրներու ազգային տօներուն առիթով: Աննախադէպ քայլով Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն եւ այնտեղ գտնուող ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած մատուռ՝ այնուհետեւ իր այցելութիւնները կրկնելով:

Չի բացառուիր, որ Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւներու բնականոնացումը որոշակի ազդեցութիւն ունենայ Ռիատ-Երեւան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վրայ: Ծոց-Սեւ ծովը բնականաբար պիտի աշխատի երկու ուղղութեամբ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023